Ազգային համաձայնութիւն եւ Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքներն ու երեսփոխաններ Ապտելռահման Պըզրին, Աշրաֆ Ռիֆին ու Քարիմ Քապպարան իրենց ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ ու զարմանք յայտնեցին Համաներման օրէնքի առաջարկի չորդեգրման նկատմամբ` հակառակ «խորքային բարեփոխումներու կատարման, որոնք օրէնքի արդարութիւնը կ՛երաշխաւորեն եւ կալանաւորուած իսլամականներուն ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները կը պահպանեն»:
«Այս հարցին հետ վարուեցանք ազգային պատասխանատուութեամբ` հեռու քաղաքական կեցուածքէն ու ամփոխավարութենէն, եւ ըրած ենք ամէն ինչ` արդարութիւնը պահպանող եւ ազգային շահերը հաշուի առնող համախոհութեան հասնելու համար: Սակայն, թերի եւ խնդրայարոյց օրէնք որդեգրելու յամառութիւնը, որ կը զերոյացնէ համաներումը եւ հարիւրաւոր ընտանիքները կը ձգէ անարդարութեան ու սպասման գերի, բան մըն է, որ չի կրնար ընդունուիլ կամ հանդուրժուիլ», նշեցին անոնք:
Ժողովին մասնակիցները ընդգծեցին, որ այս իրողութեան անձնատուր պիտի չըլլան եւ հարցը աւարտած պիտի չնկատեն, այլ պիտի շարունակեն քաղաքական եւ երեսփոխանական աշխատանքը, մինչեւ համաներման արդար օրէնքի որդեգրումը:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Համաներումի օրէնքը Լիբանանեան ուժերու երեսփոխաններուն օրէնսդրական նիստէն հեռանալուն պատճառով չորդեգրուեցաւ» ըսելը յստակ անիրաւութիւն է, որովհետեւ սիւննի երեսփոխանները, մեծամասնութեամբ իրենք են, որոնք պոյքոթի ենթարկեցին նիստը` բողոքելով Պըրրիի համաներման օրէնքի իրենց պահանջած բանաձեւին մերժումին դէմ, բանաձեւ մը, որուն Լիբանանեան ուժերը աջակցեցան»:
Կուսակցութիւնը նշեց. «Ոմանք կ՛ուզեն անտեսել, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին մերժեց վարչապետարանին մէջ համաձայնեցուած բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ մերժեց համաներման օրէնքի առաջարկուած տարազը, ինչ որ սիւննի երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը մղեց պոյքոթի ենթարկելու նիստերը` առ ի բողոք այդ կեցուածքին»: