Ֆատլալլա. «Աունի Նախագահ Ընտրուիլը Հիմնուած Էր Դիմադրութեան Իրաւունքը Պաշտպանելու Պատուոյ Յանձնառութեան Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանէն յայտարարեց. «Ամբողջ անցեալ շրջանին մենք մեզի պարտադրեցինք հանրապետութեան նախագահին հետ չվիճիլ, սակայն մեր ժողովուրդին ուղղուած անոր իրերայաջորդ ամբաստանութիւններէն եւ փոխանակ սահմանադրութեան մէջ նշուածին նման հայրենիքի միասնականութեան խորհրդանիշ եղող նախագահ ըլլալուն, լիբանանցիներուն միջեւ պառակտումը յաւերժացնող կողմ դառնալու վրայ պնդելուն, եւ Պաապտայի պալատը իրենց պատմութեամբ եւ ուղղուածութեան ծանօթ կողմերու կուսակցական հարթակի վերածելուն լոյսին տակ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կը հաստատէ, որ ազգային երկեակին կողմէ նախագահի ընտրութիւնը հիմնուած էր լիբանանցիներու դիմադրութեան իրաւունքը պահպանելու յանձնառութեան, 27 նոյեմբերի համաձայնութեան գործադրութեան եւ սիոնական թշնամիին այս համաձայնութեան գործադրութիւնը պարտադրելուն վրայ»:

«Հակառակ մեր ուղղակի կամ նախագահի խորհրդականին միջոցով հանդիպումներուն եւ մեր անխոնջ ջանքերուն` հասնելու պետութեան հեղինակութիւնը, դերը ամրապնդող, յարձակումը դադրեցնող եւ մեր ժողովուրդը պաշտպանող ազգային մօտեցումներուն, կառավարութիւնը շարունակեց անարդար, անվաւեր եւ հակասահմանադրական որոշումներ տալ Դիմադրութեան եւ անոր կողմնակիցներուն դէմ: Միեւնոյն ժամանակ, նախագահութիւնը չուշացաւ բացասական ուղերձներ յղելու` թիրախաւորելով Լիբանանի եւ Իսլամական հանրապետութեան միջեւ եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւնները, սկսած իրանեան քաղաքային թռիչքներու դադրեցումէն, որ օգուտ կը բերէ հազարաւոր լիբանանցի այցելուներու, եւ գագաթնակէտին հասաւ Իրանի դեսպանին դէմ խեղաթիւրուած եւ համայնքային որոշումով` դիւանագիտական պատմութեան մէջ աննախադէպ ամօթալի նախադէպով:

«Երբ մենք կը խորհրդակցէինք նախագահին հետ, կը լսէինք, թէ ինչպէ՛ս ան կը պնդէր, որ այդ որոշումները տրուած են ճնշումի տակ եւ որեւէ գործնական, գործադիր ազդեցութիւն պիտի չունենան եւ ամերիկեան վարչակազմին դրական պատգամ յղելու փորձեր են», նշեց երեսփոխանը:

«Տակաւին առիթ կայ, որ այս իշխանութիւնը դուրս գայ վտանգաւոր ուղիէն, որուն մէջ ինքզինք եւ երկիրը դրաւ, եւ վերադառնայ գործընկերութեան, փոխըմբռնման, Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան պայմաններու յանձնառութեան վրայ հիմնուած պետութեան տրամաբանութեան, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի միասնականութիւնը, անոր հողերուն անվտանգութիւնը, անոր ազատութիւնն ու անկախութիւնը», յայտնեց Ֆատլալլա:

 

Leave a Comment