Խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստի երկրորդ օրը երէկ շարունակեց իր օրակարգին վրայ գտնուող օրինագիծերու քննարկումն ու վաւերացումը:
Խորհրդարանը որդեգրեց իր օրակարգի 19-րդ կէտը, որ թիւ 1233 հրամանագիրին մէջ նշուած նախագիծ մըն է, որուն նպատակը բարեփոխելն է 16-09-1983 թուականի թիւ 83/102 օրէնսդրական հրամանագիրը` ազգային պաշտպանութեան օրէնքը: Այսպիսով, զինուորական վարժարանին մէջ ուսման տարիները 3-էն բարձրացուեցան 4 տարուան եւ դարձուեցան համարժէք, որպէսզի սպաները կարենան երեք մասնագիտացումներով աստիճաններ ստանալ:
Վաւերացուեցաւ նաեւ թիւ 93/102 օրէնսդրական հրամանագիրի 58-րդ յօդուածի 4-րդ կէտի բարեփոխումը, որ կը վերաբերի ազգային պաշտպանութեան օրէնքին եւ բարձր վկայականի տէր սպաներու ուսուցչութիւն կատարելուն:
Որդեգրուեցաւ նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան դրամագլուխին մէջ Լիբանանի բաժինի յաւելման օրինագիծը: Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ յայտարարեց. «Լիբանանեան ուժերը օրինաթիւի կորուստին պատճառ դարձան, եւ հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք»:
Խորհրդարանը անչափահասները ոգելից եւ կազդուրիչ ըմպելիներու օգտագործումէն պաշտպանելու օրինագիծը ուղարկեց կառավարման եւ արդարադատութեան յանձնախումբին, իսկ Մազրաաթ Թպայա գիւղի անունը Թպայայի փոխելու օրինագիծը` երեսփոխանական յանձնախումբերուն, եւ որդեգրեց Թալ Անտի գիւղը Աքքարի գաւառին մէջ ներառելու օրինագիծը:
Երեկոյեան նիստին օրինաթիւը կորսուեցաւ եւ նիստը փակուեցաւ: Խորհրդարանը չկրցաւ համաներումի եւ մահապատիժի վերացման օրինագիծերուն շուրջ որոշում կայացնել: