Ժեմայել. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Իսկական Հաշտութեան Իրագործումը Կարելի Չէ, Քանի Տակաւին Զէնքը Պետութեան Ծիրէն Դուրս Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայել յայտնեց. «Լիբանանի մէջ ազգային իսկական հաշտութիւնը կարելի չէ, քանի տակաւին զէնքը պետութեան ծիրէն դուրս է»: «Զինեալ միլիսի մը գոյութիւնը Լիբանանը կը վերածէ պատանդի եւ պետութեան կառուցման արգելք կը հանդիսանայ», աւելցուց ան: «Նաւահանգիստի պայթումին մէջ արդարութիւնը պետութեան կառուցման հիմնական մուտքն է», ըսաւ Ժեմայել` կոչ ուղղելով «նախնական ամբաստանութիւնը հրապարակելու եւ դատավարութիւնը մեկնարկելու, … Read more

Խրէյս. «Ազգային Միասնականութիւնը Ամրապնդել Եւ Կառչած Մնալ Դիմադրութեան Ընտրանքին»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս իմամ Հիւսէյնի քառասունքի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց. «Ամալ շարժումը առաջին պահէն պահանջեց նաւահանգիստի պայթումին ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտել, կատարել թափանցիկ ու արդար հետաքննութիւն մը, որ պատասխանատուութիւնները կը ճշդէ եւ յանցագործները կը դատէ` հեռու մնալով որեւէ խտրականութենէ կամ քաղաքականացումէ` նահատակներուն ու անոնց ընտանիքներուն արդարութիւն … Read more

4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով` Աուն. «Ամբաստանութեան Հրապարակումը Անհրաժեշտութիւն Մըն Է, Որ Յաւելեալ Սպասում Չի Հանդուրժեր»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով շեշտեց, թէ ամբաստանութեան հրապարակումը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ յաւելեալ սպասում չի հանդուրժեր: «Ամէն տարի այս օրը ամբողջ Լիբանանը կը կանգնի չբուժուած վէրքի եւ չմարած յիշողութեան առջեւ: Մենք կը յիշենք այն պահու սարսափը, երբ Պէյրութը մինչեւ խորքը ցնցուեցաւ, երբ նաւահանգիստը` տնտեսութեան կենսական կարեւորութիւն ունեցող աղբիւրը, վերածուեցաւ ժամանակակից … Read more

Անդրադառնալով Շրջագծային Համաձայնութեան` Իսա. «Երկու Կողմերը Պէտք Է Երկրորդ Փուլին Սկսելէ Առաջ Յստակ Ու Գործնական Մեքանիզմի Մը Շուրջ Համաձայնին»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա յայտարարեց. «Ուրախ եմ, որ Հռոմի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կը յուսամ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կառավարութիւնները կը յաջողին դրական արդիւնքի հասնիլ»: «Տակաւին գետնի վրայ քաղաքայիններու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար թեքնիք շատ աշխատանք կը պահանջուի», նշեց ան: «Թուղթի վրայ համաձայնութեան բանաձեւին համաձայնելուն եւ զայն պատասխանատուութեամբ գործադրելուն միջեւ խորքային տարբերութիւն … Read more

4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով. Սալամ. «Արդարութեան Շուրջ Սակարկութիւն Չկայ, Նոյնիսկ Եթէ Երբեմն Ուշանայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 4 օգոստոսի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Արդարութեան շուրջ սակարկութիւն չկայ, նոյնիսկ եթէ երբեմն ուշանայ»: «Գիտեմ ազգային վէրքի խորութիւնը, որ կը շարունակէ արիւնահոսիլ, եւ կը հասկնամ նահատակներու եւ զոհերու ընտանիքներուն կրած ցաւի մեծութիւնը: Սակայն օգոստոսի 4-ի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով կը կրկնեմ. արդարադատութեան հաշուոյն սակարկութիւն պիտի … Read more

Նախարար Պայրաքտարեան Մեծարեց Տարբեր Մարզաձեւերու Մէջ Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրած Մարզիկները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հպարտութեամբ կը միաւորէ Լիբանանի տարբեր մարզաձեւերու ախոյեանները` նշելու անոնց նուաճումներն ու ազգային ոգին` ի նշան գնահատանքի անոնց ջանքերուն եւ նպատակասլացութեան, ինչպէս նաեւ ի նշան արժեւորման իւրաքանչիւր մասնակցութեան եւ արդիւնքի, որ միջազգային ասպարէզին մէջ կը բարձրացնէ Լիբանանի անունը: Այս ծիրին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը մեծարեց պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն 12 մարզիկներ … Read more

Հաժ Հասան. «Դիմադրութիւնը Զինաթափելու Համար Մեր Երկիր Եկող Որեւէ Բանակ Բռնագրաւումի Բանակ Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց. «Դիմադրութիւնը զինաթափելու համար մեր երկիր եկող որեւէ բանակ բռնագրաւումի բանակ է»: «Շրջագծային համաձայնութիւնը առանց որոշակի ժամանակացոյցի է եւ շրջաններէն հեռացումը, գաղթականներուն տունդարձն ու վերաշինութիւնը կը կապէ երկու պայմաններու` Դիմադրութեան զինաթափման եւ արդիւնքներուն իսրայէլեան ստուգման», յայտնեց երեսփոխանը: «Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ բանակները, որոնցմով կը սպառնաք, կրնան Դիմադրութեան … Read more

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակին Մեքենային Տակ Պայթած Ականը Հըզպալլային Կը Պատկանի»

Իսրայէլեան բանակը, անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի Քաֆրա գիւղին մէջ պայթումի մը պատճառով լիբանանեան բանակէն հինգ զինուորներու վիրաւորման դէպքին, նշեց. «Քաֆրա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի մեքենային տակ պայթած ականը ապահովական շրջանէն դուրս է, եւ մեր ուժերը այդտեղ չեն գործած»: «Լիբանանեան բանակի մեքենային տակ պայթած ականը մեզի չի պատկանիր», ըսաւ իսրայէլեան բանակը` աւելցնելով. «Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները … Read more

Ժահժահ. «Չկայ Քաղաքական Կայունութիւն Ու Ընկերային Ապահովութիւն Առանց Պետութեան Գերիշխանութեան Պարտադրման»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Սքայ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շրջանը կ՛անցնի «դժուար երկունքէ մը, որ ամբողջովին նոր կացութեան պիտի առաջնորդէ»: «Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, անցողակի տագնապ մը չէ, եւ դժուար թէ ներկայ ճակատումը աւարտի առանց շրջանային ուժերու արմատական փոփոխութեան, ըլլայ այդ առնուազն իրանեան վարչակարգի գործելաոճի փոփոխութեամբ կամ ալ առաւելագոյն … Read more

Ռուպիօ. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանի Բանակն Ու Կառավարութիւնը Կը Շարունակեն Յաւելեալ Հողերու Վրայ Իշխանութիւնը Տարածել Եւ Ամրապնդել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Յանձնառու ենք եռակողմ շրջագիծի գործադրութեան, ինչ որ խաղաղութեան եւ Լիբանանի մէջ տնտեսական վերականգնման ճամբան կը հարթէ»: Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Ռուպիօ լիբանանեան բանակի տօնին առիթով յայտնած է. «Կը յուսանք, որ Լիբանանի բանակն ու կառավարութիւնը կը շարունակեն յաւելեալ հողերու վրայ իշխանութիւնը տարածել եւ ամրապնդել»: «Բարձր … Read more