Նախարար Պայրաքտարեան Մեծարեց Տարբեր Մարզաձեւերու Մէջ Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրած Մարզիկները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հպարտութեամբ կը միաւորէ Լիբանանի տարբեր մարզաձեւերու ախոյեանները` նշելու անոնց նուաճումներն ու ազգային ոգին` ի նշան գնահատանքի անոնց ջանքերուն եւ նպատակասլացութեան, ինչպէս նաեւ ի նշան արժեւորման իւրաքանչիւր մասնակցութեան եւ արդիւնքի, որ միջազգային ասպարէզին մէջ կը բարձրացնէ Լիբանանի անունը:

Այս ծիրին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը մեծարեց պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն 12 մարզիկներ եւ անոնց մարզիչները` Յորդանանի մէջ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան մէջ իրենց արձանագրած յաղթանակին առիթով եւ գնահատելով անոնց ցուցաբերած հաւաքական ոգին, պատուաբեր արդիւնքը, որ լիբանանեան պասքեթպոլի ուժն ու դիրքը կ՛արտացոլէ:

Պայրագտարեան նաեւ մեծարեց Ժիւտոյի լիբանանցի ախոյեան Աքոլինա Շայեպը` ներկայութեամբ ժիւտոյի ֆետերասիոնի տնօրէնին` գնահատելով Էսթոնիոյ ընթացքին Եւրոպայի բաց ախոյեանութեան ընթացքին անոր արձանագրած արդիւնքը եւ քաջալերելու համար անոր երթի շարունակումն ու Լիբանանի համար յաւելեալ ձեռքբերումներ արձանագրելը:

Նախարարը նաեւ մեծարեց Քեմփօ մարզաձեւի լիբանանեան ֆետերասիոնէն 8 մարզիկներ, որոնցմէ մէկը յատուկ կարիքի անձ մը, որ արաբական աշխարհի մակարդակով իր առաջին մասնակցութիւնը արձանագրեց: Ան գնահատեց 2026-ի Անթալիոյ մէջ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին անոնց արձանագրած յաղթանակն ու ձեռքբերումները:

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարը մեծարեց Քոնկ Ֆու Ուու Շուի ֆետերասիոնի 15 մարզիկներ` Իտալիոյ եւ Էսթոնիոյ մէջ անոնց արձանագրած արդիւնքներուն համար:

Պայրագտարեան նաեւ մեծարեց Քիոքշինքայի ֆետերասիոնէն 18 մարզիկներ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին անոնց արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներուն համար:

Leave a Comment