Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց. «Դիմադրութիւնը զինաթափելու համար մեր երկիր եկող որեւէ բանակ բռնագրաւումի բանակ է»:
«Շրջագծային համաձայնութիւնը առանց որոշակի ժամանակացոյցի է եւ շրջաններէն հեռացումը, գաղթականներուն տունդարձն ու վերաշինութիւնը կը կապէ երկու պայմաններու` Դիմադրութեան զինաթափման եւ արդիւնքներուն իսրայէլեան ստուգման», յայտնեց երեսփոխանը:
«Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ բանակները, որոնցմով կը սպառնաք, կրնան Դիմադրութեան զէնքը խլել: Մենք զէնքը ձեզի պիտի չյանձնենք, եւ Դիմադրութիւնը զինաթափելու նպատակով մեր երկիր եկող որեւէ բանակ բռնագրաւումի բանակ է», շեշտեց Հաժ Հասան: