Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Յանձնառու ենք եռակողմ շրջագիծի գործադրութեան, ինչ որ խաղաղութեան եւ Լիբանանի մէջ տնտեսական վերականգնման ճամբան կը հարթէ»:
Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Ռուպիօ լիբանանեան բանակի տօնին առիթով յայտնած է. «Կը յուսանք, որ Լիբանանի բանակն ու կառավարութիւնը կը շարունակեն յաւելեալ հողերու վրայ իշխանութիւնը տարածել եւ ամրապնդել»:
«Բարձր կը գնահատենք Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու բանակի նուիրուածութիւնը եւ կը յուսանք, որ ան կը շարունակէ պետութեան իշխանութիւնը տարածել անոր հողերուն վրայ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: