Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակին Մեքենային Տակ Պայթած Ականը Հըզպալլային Կը Պատկանի»

Իսրայէլեան բանակը, անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի Քաֆրա գիւղին մէջ պայթումի մը պատճառով լիբանանեան բանակէն հինգ զինուորներու վիրաւորման դէպքին, նշեց. «Քաֆրա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի մեքենային տակ պայթած ականը ապահովական շրջանէն դուրս է, եւ մեր ուժերը այդտեղ չեն գործած»:

«Լիբանանեան բանակի մեքենային տակ պայթած ականը մեզի չի պատկանիր», ըսաւ իսրայէլեան բանակը` աւելցնելով. «Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները այն են, թէ լիբանանեան բանակին մեքենային տակ պայթած ականը Հըզպալլային կը պատկանի»:

Յիշեցնենք, թէ լիբանանեան բանակը կիրակի կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Քաֆրա գիւղին մէջ հինգ զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուած են բանակի մեքենայի մը գիւղին մէջ բնակիչներուն ընկերակցելուն ընթացքին իսրայէլեան «թշնամական թիրախաւորման պատճառով»:

Բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ ի յայտ եկած է, թէ պայթումը հետեւանք էր «կասկածելի մարմինի մը», եւ մնացեալ մանրամասնութիւններուն պարզաբանման համար աշխատանք կը տարուի:

 

Leave a Comment