Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա յայտարարեց. «Ուրախ եմ, որ Հռոմի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կը յուսամ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կառավարութիւնները կը յաջողին դրական արդիւնքի հասնիլ»:
«Տակաւին գետնի վրայ քաղաքայիններու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար թեքնիք շատ աշխատանք կը պահանջուի», նշեց ան:
«Թուղթի վրայ համաձայնութեան բանաձեւին համաձայնելուն եւ զայն պատասխանատուութեամբ գործադրելուն միջեւ խորքային տարբերութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ յառաջ ընթանալու համար աճապարելը կրնայ վտանգել քաղաքայինները, որոնց պաշտպանութեան կը ձգտի այս հոլովոյթը», յայտնեց դեսպանը:
«Մենք սկիզբէն ի վեր կը հաւատանք, թէ այս աշխատանքը ճիշդ կերպով աւարտելու համար անհրաժեշտ ժամանակ տրամադրելը իտէալական ընտրանքն է, որովհետեւ ատիկա պիտի նպաստէ հետագայ փորձնական շրջաններուն աւելի մեծ ատակութեամբ սկսիլ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
«Ամէն բանէ առաջ, երկու կողմերը պէտք է երկրորդ փուլին անցնելէ առաջ յստակ եւ գործնական մեքանիզմի մը շուրջ համաձայնին», շեշտեց Իսա: