Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Սքայ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շրջանը կ՛անցնի «դժուար երկունքէ մը, որ ամբողջովին նոր կացութեան պիտի առաջնորդէ»:
«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, անցողակի տագնապ մը չէ, եւ դժուար թէ ներկայ ճակատումը աւարտի առանց շրջանային ուժերու արմատական փոփոխութեան, ըլլայ այդ առնուազն իրանեան վարչակարգի գործելաոճի փոփոխութեամբ կամ ալ առաւելագոյն պարագային ինքնին վարչակարգի փոփոխութեամբ», ըսաւ ան:
«Հըզպալլայի զէնքը Լիբանանի ապագային մէջ բացարձակապէս տեղ չունի», շեշտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը` նշելով. «երկիրը 60-էն 70 առ հարիւրով անցաւ կուսակցութեան ապօրինի իշխանութեան վերջ տալու ճամբան, ուստի այս թղթածրարը լուծուելու շատ աւելի մօտ դարձաւ»:
«Չկայ քաղաքական կայունութիւն եւ ընկերային ապահովութիւն առանց պետութեան գերիշխանութեան պարտադրման», ըսաւ Ժահժահ` մերժելով պետութեան իր իշխանութիւնը տարածել որոշելուն պարագային քաղաքացիական պատերազմով սպառնալը:
«Իսրայէլի դիմակայումը եւ պատերազմի կամ զինադադարի որոշում տալը կուսակցութեան մը եւ լիբանանցիներէն խումբի մը մասնագիտութիւնը չէ, այլ միայն լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնը», ընդգծեց ան:
«Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը մեծապէս տկարացուց Հըզպալլան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ անոր մղած պատերազմը զայն տկարացուց, եւ եթէ լիբանանեան իշխանութիւնը ուզէր ընդունելի նուազագոյն վտանգի դիմել, Հըզպալլայի կացութիւնը ներկայիս ամբողջութեամբ վերջ գտած կ՛ըլլար», ըսաւ Ժահժահ:
«Սուրիոյ հետ նոր յարաբերութիւնը բնական ուղղութեամբ` պետութենէ պետութիւն ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, եւ առանց լիբանանեան կառավարութենէն պաշտօնական դիմումի Լիբանանի մէջ սուրիական որեւէ միջամտութիւն անընդունելի եւ անկարելի է» նշեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը: