Պայրագտարեան Մրցանակակիր Լիբանանցի Մարզիկներ Պատուեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արտասահմանի մէջ մարզական մրցաշարքերու մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած լիբանանցի մարզիկներու իր քաջալերման ծիրին մէջ պատուեց շարք մը ֆետերասիոններէ խումբ մը մարզիկներ եւ վարչական պատասխանատուներ: Ասիկա 5-րդ անգամն էր, որ նախարարը մեծարելու համար կ՛ընդունէր արտասահմանի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած մարզիկներ: Ուշագրաւ էր շարք մը ծնողներու ներկայութիւնը. քայլ մը, որ ցոյց կու … Read more

Դեսպան Բաղդասարեան Իր Հաւատարմագիրներու Պատճէնը Յանձնեց Ռաժժիին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հաղորդեց, թէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան 27 յունուարին հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին: Նախարար Ռաժժի յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ` յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը դեսպանատան աշխատանքներուն աջակցելու: Դեսպան Բաղդասարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին … Read more

Իսրայէլեան Զինուորական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին. «Շէյխ Քասեմի Իր Ճակատագիրը Իրանին Կապելու Որոշումը Ռազմավարական Սխալ Մըն Էր»

Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքի գոյութիւնը պիտի չարտօնէ, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնէ իր սահմանին վրայ կուսակցութեան «սպառնալիքի» վերականգնումը: Աղբիւրը նշած է, թէ լիբանանեան բանակը կը փորձէ կազմաքանդել Հըզպալլան, սակայն անոր ջանքերուն ազդուութիւնը տակաւին տկար է: Ան ըսած է, թէ կուսակցութիւնը իր զէնքին կառչելու վրայ … Read more

Ընդունելով Լը Տրիանը` «Լիբանանի Կայունութիւնը Շրջանի Կայունութեան Հիմնական Սիւն Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի ընդունած է Լիբանանի հարցով ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: Քաթարի … Read more

Ապտել Մասիհ. «Ընտրութիւնները Մէկ Տարիով Յետաձգելու Օրինագիծ Պիտի Առաջարկեմ»

Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մասիհ խորհրդարանին մէջ 2026 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին յայտնեց, որ անոր դէմ պիտի քուէարկէ: Երեսփոխանը նաեւ նշեց. «Յստակ է, թէ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի չունենան: Ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգելու յստակ օրինագիծ մը պիտի առաջարկեմ, որպէսզի լիբանանցիներուն սուտ խօսիլը չշարունակուի»: Ան նաեւ հարց տուաւ. «Ժամանակը չէ՞, որ լիբանանեան բանակն ալ օրինակ … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան նիւթը քննարկեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին երիտասարդութեան զարգացման ծրագիրի պատասխանատու Ապիր Ապու Զաքի, երիտասարդութեան մասնակցութեան պատասխանատու Եարա Ապու Աքարի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր ծրագիրներու պատասխանատու Փամել Տի Քամիլօ, ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու պատասխանատու Ռանա … Read more

Ժաշի. «Թշնամին Զսպելու Համար Պետութեան Թափած Դիւանագիտական Ջանքերը Արդիւնք Չտուին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի նշեց. «Թշնամին զսպելու համար լիբանանեան պետութեան թափած ջանքերը, հակառակ զինադադարի համաձայնութենէն 14 ամիսներ անցնելուն, արդիւնք չտուին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դիւանագիտութիւնը երկիրը չպաշտպանեց եւ թշնամին չզսպեց»: «Պահանջուածը այն է, որ սպանութեան եւ քանդումի յաւելեա՞լ տարի մը սպասենք, եւ յայտնի չէ, եթէ ամերիկեան ներթափանցման եւ սիոնական ոճիրի լոյսին … Read more

Աուն Մանսուրին Պարտականութիւն Տուաւ Հնգեակ Յանձնախումբի Պետին Օգնել` Թշնամական Գործողութիւններու Դադրեցման Գործադրումը Քննարկելու

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի ցուցմունքով, նախագահի ապահովական ու զինուորական հարցերու խորհրդական, հանգստեան կոչուած զօրավար Անթուան Մանսուրը հանդիպում ունեցած է հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեան հսկողութեան հնգեակ յանձնախումբի` «Մեքանիզմ»-ի պետ ամերիկացի Տէյվիտ Լէոն Քլինկենսմիթի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճէյսըն Պելքնափի: Նախագահական պալատը նշեց, որ … Read more

Մըքտատ. «Պետութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը Կը Սասանի, Մարդիկ Առանձին Կը Ձգուին, Եւ Կը Լսենք Նախարարական Դիրքորոշումներ, Որոնք Սահմանադրութեան Համահունչ Չեն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ խորհրդարանին մէջ 2026 թուականի պետական ամավարկի քննարկման նիստի ընթացքին յայտնեց. «Պլոքին մէջ մենք անիրաւուածներուն, զրկուածներուն եւ իրաւատէրերուն ձայնն ենք»: «Զինուորականները իրենց կեանքը վատնեցին պետութեան ծառայելով, անոնք պէտք չէ լքուին, եւ պետական մարզին մէջ աշխատողներուն պէտք է արդարութիւն կատարել», նշեց երեսփոխանը: «Կանգնած ենք ամավարկի մը առջեւ, որ կը քննարկուի … Read more

Պասիլ. «Ցաւալի Է Այսօր Լիբանանը Շրջակայքի Տագնապներէն Զանց Կացուցելու Եւ Պաշտպանելու Փոխարէն Նոր Քանդումի Ներքաշելու Կրկնութիւնը Տեսնել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ Հըզպալլայի հետ փոխհասկացողութեան հիմքը կուսակցութեան ընտրանքներն ու զէնքը` գործընկերութեան, պետութեան կառուցման եւ Լիբանանը պաշտպանելու ճամբով լիբանանեան դարձնել էր: «Փոխհասկացողութիւնը տապալեցաւ, երբ այս հիմքերը տապալեցան», նշեց ան: «Պայքարի հրապարակներու միութիւնն ու Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմը քանդեցին կուսակցութիւնն ու Լիբանանը, ինչպէս նաեւ տապալեցին զէնքին զսպիչ պարտականութիւնը», ըսաւ երեսփոխանը: … Read more