Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայել յայտնեց. «Լիբանանի մէջ ազգային իսկական հաշտութիւնը կարելի չէ, քանի տակաւին զէնքը պետութեան ծիրէն դուրս է»:
«Զինեալ միլիսի մը գոյութիւնը Լիբանանը կը վերածէ պատանդի եւ պետութեան կառուցման արգելք կը հանդիսանայ», աւելցուց ան:
«Նաւահանգիստի պայթումին մէջ արդարութիւնը պետութեան կառուցման հիմնական մուտքն է», ըսաւ Ժեմայել` կոչ ուղղելով «նախնական ամբաստանութիւնը հրապարակելու եւ դատավարութիւնը մեկնարկելու, որովհետեւ առանց իսկական արդարութեան կայունութիւն չկայ»:
«Առաջնահերթութիւնը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է, գերիշխանութեան վերականգնման ուղիին մէջ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին աջակցիլը` պետութեան վերակառուցման հոլովոյթին մեկնարկման ճամբան հարթելու համար», ըսաւ երեսփոխանը:
«Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները անհրաժեշտ են, որովհետեւ լիբանանեան կառավարութեան, եւ ոչ թէ որեւէ այլ կողմի, կ՛արտօնէ Լիբանանի շահերը պաշտպանել», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Բանակցային հոլովոյթը պէտք է սկսի Իսրայէլի հեռացումով, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելով, առկախ թղթածրարները կարգաւորելով եւ սահմաններու սահմանագծումով»:
«Արգելք չկայ, որ Լիբանան ընթանայ արաբական պետութիւններու մեծամասնութեան որդեգրած տեւական խաղաղութեան ուղիով», նշեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն` Ժեմայել յոյս յայտնեց «նոր փուլին մէջ Դամասկոսի հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչ որ կը նպաստէ տնտեսութեան առողջացման ու երկու երկիրներու շահերուն կը ծառայէ»: