Ժոմպլաթ. «Կարեւորը Այն Է, Որ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Համակեցութեան Յիշողութիւնը Չկորսուի, Եւ Մտածումով Մոլորածներէն Ոմանք Չվերադառնան Սիոնական Գործակատարութեան Դաւադրութիւններուն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ հարաւային Լիբանանի եւ Ժապալ Ամելի մէջ համակեցութեան, պայքարի, դիմադրողականութեան, գաղափարի, մշակոյթի, գիտութեան ու հողին կառչածութեան յիշողութիւնը չկորսուի»: «Կարեւորագոյնը այն է, որ մտածումով եւ քաղաքական առումով մոլորածներէն ոմանք քսաներորդ դարու կէսերու ծրագիրներուն ու դաւադրութիւններուն չվերադառնան», աւելցուց Ժոմպլաթ:    

Սալամ Պաղտատ Այցելեց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Պաղտատ` ընկերակցութեամբ նախարարական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շարլ Հաժ: Ան Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Իրաքի ելեւմուտքի նախարար Ֆալեհ Սարիի կողմէ: Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Զէյտի ընդունեց Լիբանանի … Read more

Նշելով, Որ Նախագահ Աունի Հետ Իր Յարաբերութիւնը Հոյակապ Է. Պըրրի. «Լիբանանը Սէուտական Արաբիայէն, Ամերիկայէն Եւ Իրանէն Կազմուած Եռակողմ Երաշխիքի Կը Կարօտի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքը, թէ «Պըրրին լաւ մարդ է, եւ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթին պիտի միանայ, երբ նկատառելի յառաջընթաց տեսնէ», նշեց. «Կը թուի, թէ Թրամփ զիս կարգ մը լիբանանցիներէն աւելի լաւ կը հասկնայ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Աշխարհը կը սիրէ ան, որուն Սէուտական Արաբիան … Read more

Հուայեք Պատրիարքը Երանելի Հռչակուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վատիկանի մէջ սուրբերու դատերու ժողովի ղեկավար, կարտինալ Մարչելլօ Սեմերարոն Տիմանի մէջ արարողութեան ընթացքին մարոնիներու նախկին պատրիարք Էլիաս Հուայեքը երանելի հռչակեց: Ան ըսաւ, որ Հուայեքի տօնը պիտի նշուի իւրաքանչիւր տարուան 5 յունիսին: Կարտինալ Սեմերարօ նշեց. «Անոր երանելիութիւն շնորհուեցաւ 2026-ին, Ս. Պետրոսի եւ Ս. Պօղոսի տօնին, Վատիկանի ստորագրութեամբ»: Մարոնիներու պատրիարքութեան Տիմանի ամարանոցին մէջ Էլիաս Հուայեք պատրիարքի երանացման … Read more

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութեան Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութեան: Նախագահ Աուն վարչապետին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ իր հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արտայայտած պատրաստակամութիւնը աջակցելու լիբանանեան բանակին եւ տարբեր … Read more

Արաղչի. «Լիբանանի Նկատմամբ Իսրայէլեան Գործելակերպի Շարունակումը Արեւմտեան Ասիոյ Անվտանգութիւնն Ու Կայունութիւնը Կ՛ենթարկեն Լուրջ Վտանգներու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի բուռն կերպով քննադատեց «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու եւ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարման շարունակութիւնը»` նշելով, որ այդ գործելակերպի շարունակութիւնը արեւմտեան Ասիոյ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ենթարկէ լուրջ վտանգներու:  

Ընդունելով Օտարերկրեայ Դեսպաններ` Աուն. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Մնալը Յառաջիկայ Փուլին Իտէալական Միջոցն Է, Եւ Եթէ Ատիկա Անկարելի Ըլլայ, Պէտք Է Ստեղծել Զայն Փոխարինող Ուժ Մը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական միութեան դեսպանը` ընկերակցութեամբ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Ֆինլանտայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հունգարիոյ, Սպանիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Քանատայի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրալիոյ, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ, Սլովաքիոյ, Բրիտանիոյ եւ Սլովենիոյ դեսպանները: Եւրոպական Միութեան դեսպանը նշեց նախագահ Աունի Ուաշինկթըն յաջող այցելութեան կարեւորութիւնը` յայտնելով. «Ասիկա 17 տարիէ ի վեր առաջին անգամն … Read more

Այցելելէ Ետք Նախագահ Աունին` Հաժժար. «Հանրապետութեան Նախագահին Լիբանանը Պաշտպանելու Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Համար Ղեկավարած Հայրենասիրական Ջանքերուն Աջակցութիւն Յայտնեցի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը, որուն հետ հանդիպումին անդրադարձաւ շրջաններու մէջ ապահովական կացութեան, եւ ծանօթացաւ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար ապահովական ծառայութիւններուն որդեգրած քայլերուն: Հաժժար հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահին Լիբանանը պաշտպանելու, անոր գերիշխանութիւնը պահպանելու եւ զայն անոր պարտադրուած պատերազմէն դուրս բերելու, իսրայէլեան հեռացումը իրագործելու եւ պետութեան … Read more

Աթշանէն Այն Ալաքին Կապելու Աշխատանքներու Մեկնարկ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի, հրաւէրովը Աթշանէի քաղաքապետ Ռոպեր Ժապպուրի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի եւ Էլիաս Հանքաշի, բացումը կատարուեցաւ Աթշանէ-Այն Ալաք կապին: Արարողութեան նաեւ ներկայ էին քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ Մեթնի շրջանի քաղաքապետներ, Բարգաւաճման եւ կառուցման խորհուրդի պետ Մոհամետ Քապպանիի ներկայացուցիչ, խորհուրդի … Read more

«Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու Մէջ Ձախողեցաւ» Կ՛ըսէ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ իշխանութիւնները կը շարունակեն զիջումներու շարքը եւ կը խորացնեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ճգնաժամը` զանոնք ներքաշելով ամուլ հոլովոյթի մը մէջ, ուր պետութեան գերիշխանութիւնը, հայրենիքի եւ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը խոցող իրերայաջորդ զիջումներ կ՛արձանագրուին եւ կը բացայայտեն արտաքին հոգատարութեան նկատմամբ ստրկամտութեան ու հնազանդութեան չափը: Պլոքը նշեց, որ նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը չկրցաւ … Read more