Խրէյս. «Ազգային Միասնականութիւնը Ամրապնդել Եւ Կառչած Մնալ Դիմադրութեան Ընտրանքին»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս իմամ Հիւսէյնի քառասունքի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց. «Ամալ շարժումը առաջին պահէն պահանջեց նաւահանգիստի պայթումին ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտել, կատարել թափանցիկ ու արդար հետաքննութիւն մը, որ պատասխանատուութիւնները կը ճշդէ եւ յանցագործները կը դատէ` հեռու մնալով որեւէ խտրականութենէ կամ քաղաքականացումէ` նահատակներուն ու անոնց ընտանիքներուն արդարութիւն կատարելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար»:

Ան քննադատեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած բանակցային հոլովոյթը` նշելով. «Իսրայէլացի թշնամին որեւէ համաձայնութիւն կամ փոխըմբռնում չի յարգեր եւ զինադադարին յանձնառու չըլլար, այլ կը շարունակէ իր առօրեայ յարձակումները, ոճիրները, տուներու քանդումն ու հրկիզումը, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններու թիրախաւորումը, մինչ միջազգային կասկածելի լռութիւն գոյութիւն ունի, եւ միջազգային ընտանիքը անկարող է բռնագրաւումին ստիպել միջազգային որոշումները գործադրել եւ իր իրերայաջորդ ոտնայարումները դադրեցնել»:

«Լիբանան կառչած պիտի մնայ իր ազգային իրաւունքներուն, եւ իմամ Հիւսէյնի ուղիէն ներշնչուող դիմանալու կամքն ու նահատակներու զոհողութիւնները յարձակումի եւ ընկրկելու բոլոր փորձերէն աւելի հզօր պիտի մնան», եզրափակեց երեսփոխանը` կոչ ուղղելով «ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ կառչած մնալու բռնագրաւման դիմակայման մէջ Դիմադրութեան ընտրանքին, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու ազգային գերիշխանութիւնը, եւ լիբանանեան բանակը պատրաստ է տեղակայուելու բոլոր վայրերուն մէջ, որոնցմէ իսրայէլացի թշնամին կը հեռանայ»:

 

Leave a Comment