Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիպրոսի Նախագահը

Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Նիկոսիոյ նախագահական պալատին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիսը: Պարգեւատրման հանդիսութեան Լիբանանէն ներկայ էին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան եւ … Read more

Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան Այցելեց «Ազդակ»

Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան 24 յունիսին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Վերապատուելի Չոլաքեան պատասխանատուն է Հայ աւետարանական եկեղեցիներու արխիւներու թուայնացման բաժնին: Ան զեկուցեց տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ թուայնացման աշխատանքին մասին: Հանդիպումը առիթ էր նաեւ վերապատուելիին հետ զրուցելու Յունաստանի մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ … Read more

Կիսանդրիի Քողազերծումով Եւ Յիշատակի Հանդիսութեամբ Այնճարը Մեծարեց Իր Խոնարհ Ընկերն Ու Ղեկավարը` Նահատակ Զաւէն Թաշճեանը

«Ու գալու է մի ժամանակ,Երբ որ պիտի մարդիկ նաեւ մերպէսների՛նԵրկրպագեն`Ո՛չ կուռքի պէս, ո՛չ էլ աստծու,Այլ հերոսի՜»: Կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան  շրջափակին մէջ համախմբուած ժողովուրդի հոծ բազմութիւնը խոր լռութեամբ ունկնդիր կը դառնար Պարոյր Սեւակի «Դարակէսի հիմնը» ոտանաւորին, որ յատուկ խորհուրդով ու յուզիչ հնչեղութեամբ կը վերակենդանանար հակադաշնակցական պայքարի նահատակ, խոնարհ … Read more

Այնճարի Մէջ. Նահատակ Զաւէն Թաշճեանի Կիսանդրիի Քողազերծում Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, կիրակի, 21 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին առիթով եւ «Խոնարհ ընկեր ու ղեկավար» խորագիրով տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերոջ կիսանդրիի քողազերծում եւ յիշատակի հանդիսութիւն: Խօսք առին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէէն Շահան Փանոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան: Ձեռնարկին … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Երէկ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ երկար հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Տաճատ եպս. Աշըգեան, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ պատրիարքին կողքին` Պուլոս արք. Սաֆար, Տանիէլ արք. Քուրիէ եւ Ժոզեֆ եպս. Պալի: Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան վեհափառ հայրապետին Վատիկան … Read more

«Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը Կը Շարունակէ Հայերէնի Պահպանման Գաղափարը Վառ Պահել Լիբանանահայ Աշակերտներուն Մէջ

Հայը իր մայրենի լեզուով միայն իր գոյութիւնը կրնայ ապահովել աշխարհի տարածքին: Անով կրնայ իր ամէնէն հարազատ զգացումներն ու ապրումները արտայայտել: Դարեր շարունակ ան իր մտքի, հոգիի եւ խղճի ազատութիւնը, իւրայատուկ նկարագիրը պահած ու սերունդէ սերունդ փոխանցած է իր մայրենիով: Այլապէս վաղուց կրնայինք ձուլուիլ եւ կորսուիլ: Հայոց գիրերուն մէջ է հայ հոգին, մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին սկզբնաղբիւրը: … Read more

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներուն Նուիրուած Ընթրիքի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 17 յունիս 2026-ին, «Լիքաա» հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներուն նուիրուած ընթրիքի մտերմիկ երեկոյ մը: Երեկոյին հրաւիրուեցան լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, որոնցմէ մասնակցեցան հետեւեալները. – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք– Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ– Ազգային Միացեալ վարժարան– Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան … Read more

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. «Երազանքի Կտաւներ» Աշակերտական Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ուրբաթ, 12 յունիս 2026-ին «Էսբաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2025-2026 տարեշրջանի «Երազանքի կտաւներ» աշակերտական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի … Read more

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Կիրակի, 14 յունիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ դպրեվանքի հսկիչ Ազատ վրդ. Ֆիլիքեանի խարտաւիլակութեամբ, մայրավանքի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն երեք դպրեվանեցի կիսասարկաւագներու` Յովսէփ Գալըպճեանի, Սարգիս Նահապետեանի եւ Յովհաննէս Սաղիրեանի: Օրուան պատարագիչն էր Առաքել … Read more

«Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներու Առցանց Հանդիպում

«Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներու առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 12 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Նիստին կը մասնակցէին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու 4 փուլերու շրջանաւարտներէն անոնք, որոնք պարբերական աշխատակցութեամբ իրենց ստորագրութիւններով ներկայ եղան «Ազդակ»-ի թէ՛ սիւնակներուն եւ թէ՛ միութենական էջերուն մէջ` իբրեւ տուեալ էջի խմբագիր կամ յօդուածագիր: Անոնցմէ մաս մը ներառուած է «Ազդակ»-ի ընկերային ցանցերու համակարգման … Read more