Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Երէկ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ երկար հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Տաճատ եպս. Աշըգեան, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ պատրիարքին կողքին` Պուլոս արք. Սաֆար, Տանիէլ արք. Քուրիէ եւ Ժոզեֆ եպս. Պալի:

Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւող հարցեր:

Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Մալապարի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:

 

Leave a Comment