«Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներու Առցանց Հանդիպում

«Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներու առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 12 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին:

Նիստին կը մասնակցէին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու 4 փուլերու շրջանաւարտներէն անոնք, որոնք պարբերական աշխատակցութեամբ իրենց ստորագրութիւններով ներկայ եղան «Ազդակ»-ի թէ՛ սիւնակներուն եւ թէ՛ միութենական էջերուն մէջ` իբրեւ տուեալ էջի խմբագիր կամ յօդուածագիր: Անոնցմէ մաս մը ներառուած է «Ազդակ»-ի ընկերային ցանցերու համակարգման աշխատանքներուն: Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Ֆրանսայէն կից ներկայացուած անուանացանկին մէջ կան նաեւ սփիւռքահայ մամուլին աշխատակցողներ:

Նիստին մասնակցեցան «Ազդակ»-ի երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արշօ Պալեան, օգնական Նարէ Գալէմքէրեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը:

Երիտասարդ աշխատակիցները լսեցին զեկուցում «Ազդակ»-ի 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին: Շեշտուեցաւ, որ երիտասարդական խաւին ուղղութեամբ առաջնահերթութիւն տրուած է, եւ թէ այս հանդիպումին նպատակը երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներուն առաջարկները լսելն է:

Ժողովականները կատարեցին նորարար, հետաքրքրական առաջարկներ տպագիր տարբերակի եւ այսօրուան մետիայի տարբեր ձեւաչափերով «Ազդակ»-ի 100-ամեակին անդրադառնալու առումով:

Առցանց նիստերը պիտի շարունակուին: Քննարկման օրակարգի կէտեր են բացառապէս ապագայ լրագրողներու շրջանաւարտներու ստորագրութիւններով հրատարակութիւն եւ երիտասարդ աշխատակիցներու կողմէ նոյն խաւին ներգրաւումով մամուլի հարցերուն վերաբերեալ խորհրդաժողովը:

Ապագայ լրագրողներու 4 իրերայաջորդ փուլերու շրջանաւարտներէն «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ երեւցող փաղանգի անուանացանկը`

Ալին Այանեան
Ներսէս Ապրիլեան
Սելին Պէրպէրեան
Կարէն Պոյաճեան
Քրիստ Իսկէնտէրեան
Էնտրիւ Քէօմպէճեան
Արազ Խտըրեան
Արեւիկ Գազանճեան
Լորի Քորէսեան
Մարիա Խաչատուրեան
Նարեկ Քէշիշեան
Նարօտ Քեչէպաշեան
Սէրուժ Խանճիհանեան
Սօսէ Խաչատուրեան
Յարութ Մարկոսեան
Յարութ Մաւեան
Սէրլի Նեմշեհիրլեան
Հրակ Մամիկոնեան
Ռուբէն Խաչատուրեան
Ռիթա Սալլում
Սարօ Սէրուժեան
Սիլվիա Սէրայտարեան
Քրիստափոր Թազեան
Գէորգ Եագուպեան
Սեւակ Զարմէնեան

Leave a Comment