ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ծրագիրներու Զօրակցութեան Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի,  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի «Եախթ քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցութեան երեկոն, որուն նպատակն էր քաջալերել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործունէութիւնը, աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիզա Մանտալեան, … Read more

Աւետիս Կիտանեան. «Լիբանանի Փրկութեան Միակ Ուղին Ազգային Երկխօսութիւնն Ու Համախոհութիւնն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2026-ին, «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հիւրն էր: Հաղորդավար Սթեֆանի Իսհաքի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական եւ անվտանգային ներկայ իրավիճակին, շրջանային զարգացումներուն, արտաքին ազդեցութիւններուն, պետական հաստատութիւններու դերին, ազգային երկխօսութեան հրամայականին եւ երկիրը ներքին բախումներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութեան: Կիտանեան … Read more

Համազգայինի Ռ. Եւ Ա. Արսլանեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

Ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ մանկական անմեղ ժպիտներու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00- ին Համազգայինի Ռ. եւ Ա. Արսլանեան մանկամսուրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նապիկ դասարանի 38 փոքրիկները, որոնք երգերով ու պարերով ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված ու ապրած ուրախ պահերը: Անոնց ինքնավստահ քայլերը, անմեղ … Read more

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 250-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Շնորհաւորական Նամակը` Դեսպան Իսային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային` նշելով. «Այս պատմական փուլը կու գայ նշելու ազատութեան, ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան անսասան սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութեան մը ստեղծման 250-ամեակը: Այս գաղափարները աշխարհի վրայ սերունդներ ներշնչած են եւ կը շարունակեն … Read more

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «ԱլֆաՆիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ շրջանին մէջ հրադադարի ընկալումը այսօր փոխուած է. Լիբանանի մէջ հրադադարը տակաւին չի նշանակեր յարձակումներու լիակատար դադար: «Հրադադար ըսելով` մենք կը հասկնայինք փոխադարձ յարձակումներու եւ թիրախաւորումներու դադրեցում, սակայն, ըստ երեւոյթին, այժմ նոր ընկալում ձեւաւորուած է. նոյնիսկ … Read more

Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական Ընտրութեան Եւ Օծման 31-Ամեակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող աշխարհատարած բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 28 յունիս 2026-ին մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք` Հայրապետական մաղթանք` շնորհազարդ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար: Յաւուր պատշաճի … Read more

Համա-ՀՄԸՄ-ական Ձեռնարկներու Աշխուժ Եռուզեռով Ամիսներ

ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը աշխուժ եռուզեռի մէջ է: Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական եւ ընկերային բնոյթի հինգ մեծ ձեռնարկներուն: Ձեռնարկներուն շարքը կը սկսի 13 յուլիսին` Գերմանիայէն, ուրկէ ընթացք կ՛առնէ ՀՄԸՄ-ի առաջին նաւապտոյտը` Դանուբ գետին վրայ: Եօթնօրեայ նաւապտոյտը կը … Read more

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Պաշտամունք

Հանդիսաւոր պաշտամունքով կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը նշեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակը: Միջեկեղեցական ներկայացուցիչներ, հայ եւ այլ, մասնակցեցան պաշտամունքին, որ նաեւ ծառայեց իբրեւ ՄԱՀԱԵՄ-ի 79-րդ տարեկան համաժողովի պաշտօնական բացումը: Պաշտամունքի թեման էր` «Խղճի ազատութիւն եւ հաւատքի յանձնառութիւն» (Գաղատացիս 5.1): Միութեան նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի … Read more

Կիլիկեան Ուխտի Միաբանական Շարքերուն Միացան Երկու Կուսակրօն Քահանաներ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կիրակի 21 յունիս 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ` Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան` զանոնք վերակոչելով Նորայր աբեղայ եւ Հրայր աբեղայ: … Read more

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը` «Երազանքներու Քաղաքը»

Հինգշաբթի 11 յունիս 2026-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` «Երազանքներու քաղաքը» խորագիրով: Հանդէսը ներկաները փոխադրեց երազանքներու եւ մանկական անմեղութեան աշխարհ մը. արդարեւ, բեմը վերածուած էր իսկական քաղաքի` գեղեցիկ ձեւաւորումով: «Գիշերուան թագուհի»-ին առաջնորդութեամբ, աշակերտները հանդիսատեսը առաջնորդեցին երազանքներու քաղաք: Ծիլ, … Read more