«Ազդակ»-ի 87-րդ Առցանց Լսարան. Ներկայացում` «Անաւարտ Խաղաղութիւն» Հատորին

«Ազդակ»-ի 87-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 յունիս 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Հակամարտութիւններու լուծման փորձագէտ եւ «Քարթըր» հիմնարկի նախկին տնօրէն Հրայր Պալեան ներկայացուց իր հեղինակած «Անաւարտ խաղաղութիւն» հատորը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Երկու ժամ տեւած լսարանը բաժնուեցաւ հատորի ներկայացման եւ անոր հետեւած հետաքրքրական քննարկումին միջեւ: Արցախեան բանակցութիւններուն հիմնական … Read more

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Ընդունարանը Կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի Անունով

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ «Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ մեթր Ժաք Չուխատարեանի անունով: Մեթր Չուխատարեան տարիներ շարունակ անդամակցած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին, վարած է կենսոլորտի  նախարարի պաշտօնը (իր օրով ստեղծուած է կենսոլորտի նախարարութիւնը) եւ ստանձնած է Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններու կալուածներու իրաւաբանական եւ պետական թղթաբանութեան թղթածրարներու պատասխանատուութիւնը: Մեթր Ժաք Չուխատարեան տարիներ շարունակ եղած է անդամ … Read more

«Ֆայհա»-ն Կ՛երգէ Հայերէն Եւ Արաբերէն» Խորագիրով Համերգ

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, կիրակի, 7 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` «Ֆայհա»-ն կ՛երգէ հայերէն եւ արաբերէն» խորագիրով, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Ելոյթին ներկայ էին` հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը, որոնք լեցուցած էին թատերասրահին երկու յարկերը: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբը, որ … Read more

Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կիրակի, 24 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցիչներու մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կրթական խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ անոր Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, շքադրուեցան 12 ուսուցիչներ, որոնք 25 եւ աւելի տարիներէ ի վեր իբրեւ կրթական մշակներ կը գործեն գլխաւորաբար հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ: Մեծարուեցան հետեւեալ կրթական մշակները. Հայ աւետարանական քոլեճէն Թալին Չոլաքեան, Մարիա … Read more

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Լիբանանեան Բանակին Դէմ Կատարուած Ոճիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն նախայարձակումը, որ թիրախաւորեց լիբանանեան բանակին պատկանող մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ հազարապետ զօրավարի մը, սպայի մը եւ զինուորի մը նահատակութեան` հայրենիքին ծառայելու եւ անոր զաւակները պաշտպանելու իրենց պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին: «Ազգային գերիշխանութեան եւ պետութեան միասնականութեան խորհրդանիշը եղող լիբանանեան զինուորական հաստատութեան թիրախաւորումը աղաղակող ոտնձգութիւն … Read more

Բագրատունի. «Կը Պահանջուի Միջազգային Վճռական Կեցուածք»

Լիբանանեան բանակին վրայ կատարուած իսրայէլեան ոճրային յարձակումին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Կը դատապարտենք իսրայէլեան ոճրային արարքը, որ թիրախ դարձուց լիբանանեան բանակի մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ երկու սպաներու ու մէկ զինուորի նահատակութեան` իրենց հայրենասիրական պարտականութեան կատարման ճամբուն վրայ: … Read more

Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի Գործերէն Մէկը Նուիրուեցաւ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին

29 մայիս 2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի մէկ կտաւին, որ նուիրուած էր իր եղբօր դստեր` Թալին Գանլէճեանի կողմէ: Արարողութիւնը սկսաւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի աղօթքով: Անկէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ տէր հայրը բարձր գնահատեց Թ. Գանլէճեանի առատաձեռնութիւնը` Զոհրապ Քէշիշեանի ժառանգութիւնը անմահացնելու համար անոր արուեստի գործերը հայկական հաստատութիւններուն … Read more

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Բացառիկ Թիւ՝ 125 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով, հովանաւորութեամբ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ Մզտիկ»-ի բացառիկ թիւ մը լոյս տեսաւ՝ գունաւոր, 16 էջ։ Այս թիւին մէջ գրութիւններ եւ գծագրութիւններ ունին լիբանանահայ հայկական վարժարաններ յաճախող 3-րդ-6-րդ դասարանի  125 աշակերտներ։ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հրատարակչական ծրագիրները կը սկսին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի այս բացառիկ թիւով։ Շնորհակալութիւն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրութեան հետ այս հրատարակութիւնը իրականացնելու համար գործակցած հայկական … Read more

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթիին

Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2026-ին Այնճարէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուիի` Ատհայի տօնին առիթով: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Եզեկիէլ վրդ. Սելումեանէ, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէ եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութիւն Զէյթլեանէ:

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ Կայացաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի արտակարգ առցանց նիստ կայացաւ կիրակի, 31 մայիս 2026- ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նիստի օրակարգն էր վեհափառին Վատիկան պաշտօնական այցելութիւնը եւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ տեսակցութիւնը: Նիստին զեկուցելու հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն զեկուցեց Արամ Ա. … Read more