«Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը Կը Շարունակէ Հայերէնի Պահպանման Գաղափարը Վառ Պահել Լիբանանահայ Աշակերտներուն Մէջ

Հայը իր մայրենի լեզուով միայն իր գոյութիւնը կրնայ ապահովել աշխարհի տարածքին: Անով կրնայ իր ամէնէն հարազատ զգացումներն ու ապրումները արտայայտել: Դարեր շարունակ ան իր մտքի, հոգիի եւ խղճի ազատութիւնը, իւրայատուկ նկարագիրը պահած ու սերունդէ սերունդ փոխանցած է իր մայրենիով: Այլապէս վաղուց կրնայինք ձուլուիլ եւ կորսուիլ: Հայոց գիրերուն մէջ է հայ հոգին, մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին սկզբնաղբիւրը:

Շաբաթ, 13 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրին 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական մրցումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը` իբրեւ պսակում չորս ամսուան վրայ երկարած 14 յայտագիրներու:

Մրցում-յայտագիրը, որուն հովանաւորն է Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, ուղղակի սփռուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի եթերով եւ Դիմատետրի էջով:

Յայտագիրը սկսաւ տեսերիզով մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուի» քերթուածը` մրցանքին մասնակից 11 վարժարաններու աշակերտներուն կատարողութեամբ, իսկ բանաստեղծութեան վերջին տունը ներկայացուցին սրահին մէջ ներկայ, մրցումին աւարտական փուլի աշակերտները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցում-յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ մայրենի լեզուի կարեւորութեան եւ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` նշելով, որ այս իրողութիւնը մեզ պէտք է զգաստութեան հրաւիրէ:

Իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան ըսաւ. «Այս մրցում-յայտագիրը յաղթելու կամ պարտուելու նպատակ չի հետապնդեր: Այսօր ձեզմէ իւրաքանչիւրը յաղթած է, որովհետեւ դուք հայերէնը ընտրեցիք, սորվեցաք եւ հպարտօրէն կանգնած էք այստեղ: Շարունակեցէ՛ք կարդալ, գրել մեր գեղեցիկ լեզուն, որուն նմանը աշխարհը չունի»:

Մրցումը սկսելէ առաջ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան յիշեց, որ 2025-2026 տարեշրջանին համար 11 վարժարաններէ 114 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս յայտագիրին, ապա ան ներկայացուց օրէնքները եւ աշակերտներուն ստանալիք նիւթական պարգեւներուն գումարները:

Աւարտական փուլ հասած էին 11 աշակերտներ: Զ. կարգէն չորս աշակերտ, Է. կարգէն` երեք, իսկ Ը. կարգէն` չորս:

Մրցումը ընթացաւ երեք փուլով, իւրաքանչիւր փուլէ առաջ ցուցադրուեցաւ մասնակիցները ծանօթացնող տեսերիզ մը: Ներկայացուեցաւ նաեւ մասնակից վարժարաններու մէջ արձանագրուած կարճ տեսերիզ մը, որ կը ծանօթացնէր մրցում-յայտագիրին ստեղծած խանդավառութիւնը աշակերտութեան մօտ:

Ապա հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ կատարուեցան աւարտական մրցումները, որոնք պարզեցին հետեւեալ արդիւնքները.

Զ. ԴԱՍԱՐԱՆ

Առաջին- Խաչիկ Էթոյեան (Հայ աւետարանակաան Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան),
Երկրորդ- Մարիպել Պալատի (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ),
Երրորդ- Սօսէ Սեփէթճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան),
Պատուոյ յիշատակութիւն- Սէրլի Միրզոյեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան):

Է. ԴԱՍԱՐԱՆ

Առաջին- Կերի Թահմիզեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան),
Երկրորդ- Ճոնի Շահպազեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ),
Երրորդ- Մեթիու Իշխանեան (Վահան Թէքէեան վարժարան):

Ը. ԴԱՍԱՐԱՆ

Առաջին- Հրակ Պոյաճեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ժառանգաւորաց) եւ Վիքի Հաւաթեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան),
Երրորդ- Մարիա Այվազեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ),
Պատուոյ յիշատակութիւն- Շողակ Մակոլեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան):

Խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ անդրադարձաւ 15 տարուան կեանք ունեցող յայտագիրին` նշելով, որ այդ տարիները անոր յաջողութեան լաւագոյն փաստն են եւ յուշարարը, որ յայտագիրը պէտք է շարունակուի իր դաստիարակչկան բնոյթով եւ ստեղծած խանդավառութեամբ: Աւագեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց պատկերը ամիսներ շարունակ դպրոցներուն մէջ կազմակերպուած մրցումներուն, որոնց արգասիքն է աւարտական փուլի հանդիսութիւնը:

«Կ՛ուզեմ հաստատել, որ ասիկա մրցում չէ, այլ խաղ-յայտագիր է, հաստատեց ան եւ շեշտեց, որ մենք պէտք չէ բարոյական մեծ ճնշումի ենթարկենք  մեր զաւակներն ու աշակերտները, որպէսզի անպայման յաղթեն: Կարեւորը յաջողիլն է` առաջին փուլէն երկրորդ փուլ անցնիլը եւ աւարտականին ներկայանալը: Յաղթելը կ’ենթադրէ դիմացինին մէջ հակառակորդ տեսնել եւ ամէն գնով զայն պարտութեան մատնելու մօտեցումը ունենալ: Մինչդեռ յաջողիլը կ’ենթադրէ ինքզինք գերազանցել, կատարելագործել եւ դիմացինին մէջ անպայման մրցակից չտեսնել: Այս մրցակցութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ շատեր խուսափին մասնակցութենէ: Դժբախտաբար կարգ մը վարժարաններ սկսած են չմասնակցիլ այս խաղ-յայտագիրին` պատճառաբանելով, որ համապատասխան աշակերտներ եւ կամ զանոնք պատրաստող ուսուցիչներ չունին, ըսաւ ան: Աւագեան նկատել տուաւ, որ եթէ հայ վարժարանը հայերէն հնչող աշակերտ պիտի չունենայ, ո՞վ պիտի ունենայ: Ի՞նչ է հայ վարժարանին կոչումը, նպատակը, եթէ ոչ` առաջին հերթին հայերէն անսխալ հնչող, գրող եւ ընթերցող պատրաստել:

Աւագեան նաեւ ընդգծեց, որ «Վանայ Ձայն»-ը երգ եւ երաժշտութիւն սփռելու, յայտագիր եւ լուր ներկայացելու կողքին, պարտականութիւնը ունի հայկական արժէքներ պահպանելու եւ տարածելու: «Ճիշդ հնչենք»-ը այդ աշխատանքներէն մէկն է, որուն կ’աջակցի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը: Շնորհակալ գործ կը կատարէ հայրենակցական միութիւնը, որ իր հայրենակիցներուն սահմաններէն անդին անցնելով` նիւթաբարոյական նեցուկով լիբանանահայ մեծաթիւ աշակերտներ կը կապէ հայ գիրին, բառին ու լեզուին, շեշտեց Աւագեան:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանի եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի: Նախ հաստատագիրներ ստացան խաղ-յայտագիրին մասնակցած բոլոր աշակերտները, ապա մրցանակակիր աշակերտները արժանացան նիւթական պարգեւներու, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած գիրքերու եւ համապատասխան հաստատագիրներու:

Աւարտին Հուրի Փափազեան-Էմմիեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին յայտագիրին յաջողութեան` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարի դարձեալ կը հանդիպինք նոր խաղով եւ մրցանակակիրներով:

 

Leave a Comment