Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան 24 յունիսին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Վերապատուելի Չոլաքեան պատասխանատուն է Հայ աւետարանական եկեղեցիներու արխիւներու թուայնացման բաժնին: Ան զեկուցեց տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ թուայնացման աշխատանքին մասին:
Հանդիպումը առիթ էր նաեւ վերապատուելիին հետ զրուցելու Յունաստանի մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեան, հոգեւոր եւ ազգային տարբեր կառոյցներու հետ համագործակցութեան եւ յատկապէս հիւսիսային Յունաստանի հին գաղութներու մէջ գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներու ու ազգային կառոյցներու պատմութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն մասին: Օրին, «Ազդակ» անդրադարձ կատարած էր «Արմենիքա» եւ «Յուշամատեան»-ի գիտական խումբերու հիւսիսային Յունաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան:
Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան հաստատեց, որ «Ազդակ»-ի արխիւին մէջ հսկայական նիւթ կայ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու գործունէութեան մասին եւ շեշտեց այդ բաժնին մէջ գործակցելու նպատակայարմարութիւնը: