Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 17 յունիս 2026-ին, «Լիքաա» հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներուն նուիրուած ընթրիքի մտերմիկ երեկոյ մը:
Երեկոյին հրաւիրուեցան լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, որոնցմէ մասնակցեցան հետեւեալները.
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք
– Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան
– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
– Ազգային Միացեալ վարժարան
– Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան
– Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան
– Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
-Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան
– Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
– Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան
– Հայ աւետարանական քոլեճ
– Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
– Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան
– Մխիթարեան վարժարան
– ՀԿԲՄ Լեւոն Մկրտիչեան-Սահակեան վարժարան
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախապէս ծրագրած էր այս երեկոն կազմակերպել մարտ ամսուն` Ուսուցչաց տօնին առիթով, սակայն երկրին դիմագրաւած աննպաստ պայմաններուն բերումով անիկա յետաձգուած էր: Այսպէս, կրթական տարեշրջանի աւարտին, այս նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքը եկաւ իր խոր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու ուսուցիչներուն, որոնք հակառակ երկրի եւ համայնքի դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, կը շարունակեն նուիրումով կատարել իրենց առաքելութիւնը` դաստիարակելով հայ սերունդներ եւ կերտելով ազգի ապագան:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի անդամ Կարէն Պոյաճեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը: Ան խօսքը ուղղելով ներկայ ուսուցիչներուն մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս երեկոն նուիրուած է ձեզի` մեր վարժարաններու նուիրեալ կրթական մշակներուն, որոնք ամէն օր, լուռ ու համբերատար աշխատանքով, կը կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Ձեր ձեռքերուն կը վստահուին մեր ժողովուրդի ամէնէն թանկ գանձերը` հայ ազգի զաւակները, որոնց մէջ դուք կը սերմանէք գիտութիւն, արժէքներ եւ ազգային գիտակցութիւն»:
«Հայկական դպրոցը շէնք մը չէ: Ան տուն մըն է: Իսկ այդ տան սիրտը դուք էք: Ձեր ձայնով, ձեր ժպիտով, ձեր հոգատարութեամբ եւ երբեմն ալ ձեր լուռ զոհողութիւններով դուք կերտած էք սերունդներ եւ ամրացուցած մեր համայնքին հիմքերը», նշեց Կարէն Պոյաճեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հայ ուսուցիչներու գնահատման այս նախաձեռնութիւնը բնականաբար ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Հայ ժողովուրդի ընկալումով ուսուցիչը երկրորդ ծնող է: Իսկ «ծնող» հասկացութիւնը դարերէ ի վեր մեզի համար պատուաբեր բնորոշում ունեցած է` առանձնայատուկ տեղ գրաւելով մեր արժէքային համակարգին մէջ:
«Ուսուցիչը պատասխանատու է ոչ միայն ընտանիքի զաւակներուն կրթութեան ու դաստիարակութեան, այլեւ ազգային-հաւաքական իմաստով ամբողջ սերունդի կազմաւորման: Անոր կը վստահինք մեր զաւակները, բայց նաեւ մեր համայնքի եւ ազգի ապագան: Յաճախ կը խօսուի երիտասարդ սերունդի պատրաստութեան, ազգային դաստիարակութեան եւ մարդ ու հայ կերտելու առաքելութեան մասին: Այս բոլորին հիմնական պատասխանատուն հայ ուսուցիչն է, որովհետեւ անոր փոխանցած կրթութենէն ու դաստիարակութենէն մեծապէս կախեալ է հայ մարդու կազմաւորումը: Այդ հայ մարդը կրողն է մարդկային եւ ազգային արժէքներու` ազնուութեան, քաղաքավարութեան, հոգատարութեան եւ փոխօգնութեան», ընդգծեց Ալպեր Պալապանեան:
Պալապանեան նաեւ ընդգծեց. «Մենք կը գիտակցինք, որ ներկայ պայմանները չեն խրախուսեր ուսուցչական ասպարէզին ընտրութիւնը: Պատերազմները, տնտեսական ճգնաժամը, դպրոցներու աշխատանքի խաթարումները, առկայ եւ առցանց ուսուցման դժուարութիւնները, ոչ բաւարար վարձատրութիւնը, սրընթաց սղաճը, եկամուտներու արժեզրկումը եւ կենսապահովման բարձր ծախսերը ծանր բեռ են ուսուցիչներու ուսերուն:
«Սակայն այս բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց հայ ուսուցիչը շարունակած է եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ամէն օր ան ոչ միայն գիտելիք կը փոխանցէ, այլ նաեւ արժէքներ, ազգային գիտակցութիւն եւ հաւաքականութեան ծառայելու յանձնառութիւն:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, մտահոգ մեր դպրոցներու եւ ուսուցիչներու վիճակով, նախաձեռնեց հանդիպումներու շարք մը վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցիչներուն հետ: Իւրաքանչիւր վարժարանի կացութիւնը, աշակերտութեան թիւերու փոփոխութիւնը, ընտանիքներու ընկերային վիճակը եւ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները տեղ գտան Կեդրոնական կոմիտէի օրակարգին վրայ (Ալպեր Պալապանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):
Այնուհետեւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան յուշանուէրներ յանձնեց վարժարաններու տնօրէններուն` ի նշան գնահատանքի: Երեկոն ճոխացաւ «Հեքիաթ» խումբին կատարած ժողովրդական երգերով, որոնք ստեղծեցին ջերմ եւ խանդավառ մթնոլորտ: Երեկոյին աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որ աւելի բարձրացուց ուրախ տրամադրութիւնը: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ «Jack Gifts Cosmetics» հաստատութեան` ուսուցիչներուն համար պատրաստուած նուէրներու աջակցութեան համար: