Կիսանդրիի Քողազերծումով Եւ Յիշատակի Հանդիսութեամբ Այնճարը Մեծարեց Իր Խոնարհ Ընկերն Ու Ղեկավարը` Նահատակ Զաւէն Թաշճեանը

«Ու գալու է մի ժամանակ,
Երբ որ պիտի մարդիկ նաեւ մերպէսների՛ն
Երկրպագեն`
Ո՛չ կուռքի պէս, ո՛չ էլ աստծու,
Այլ հերոսի՜»:

Կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան  շրջափակին մէջ համախմբուած ժողովուրդի հոծ բազմութիւնը խոր լռութեամբ ունկնդիր կը դառնար Պարոյր Սեւակի «Դարակէսի հիմնը» ոտանաւորին, որ յատուկ խորհուրդով ու յուզիչ հնչեղութեամբ կը վերակենդանանար հակադաշնակցական պայքարի նահատակ, խոնարհ ընկեր ու ղեկավար` Զաւէն Թաշճեանի մեկնաբանութեամբ: Կարծես ժամանակը կանգ առած էր եւ տարիներու մշուշէն անդին, անոր ձայնը դարձեալ կը հնչէր` իբրեւ պատգամ, յիշեցում եւ ուխտ:

Այդ խորհրդաւոր պահուն ներկաները ոչ միայն կը լսէին բանաստեղծութեան տողերը, այլ նաեւ կը հաղորդակցէին անոր հոգեւոր ժառանգութեան, այն ղեկավարին, որ կարծես նախազգացած էր իր նահատակութիւնն ու այն անմահութիւնը, որ վերապահուած է միայն գաղափարին ամբողջապէս նուիրեալներուն: Թշնամիին արձակած փամփուշտը կրնար լռեցնել անոր ձայնը, սակայն անկարող եղաւ խլելու այն հերոսական ներկայութիւնը, որ այսօր եւս կը շարունակէ ապրիլ ժողովուրդի յիշողութեան, հաւաքական խղճին ու ազգային կամքին մէջ:

Այս մթնոլորտին մէջ մեկնարկեց «Խոնարհ ընկեր ու ղեկավար» բնութագրուած Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած յատուկ հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Գարայեան, որ ըսաւ, թէ  Զաւէն Թաշճեան իր ամբողջ կեանքին մնաց հաւատարիմ անձնազոհութեան սուրբ գաղափարին, նոյնիսկ Լիբանանի պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն, երբ վտանգուած էին մեր գոյութիւնն ու ազգային արժէքները: Թաշճեան զոհաբերեց իր հանգիստը, ժամանակը, ունեցուածքը եւ ի վերջոյ, իր կեանքը` պաշտպանելու Այնճարը, ապահովելու մեր պատմութեան շարունակականութիւնը եւ պահպանելու մեր ինքնութեան հիմերը: Մ. Գարայեան դիտել տուաւ, որ  Զաւէն Թաշճեանին կեանքն ու զոհողութիւնը մեզի կը յիշեցնեն, որ գաղափարը, գիւղի եւ ազգի պաշտպանութիւնը անբաժանելի են, եւ որ ազգային նպատակները կը կենսագործուին միայն այն ատեն, երբ անհատը իր անձնական շահերը կը ստորադասէ հաւաքական ընդհանուրին:

Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց. «Այսօր մեր պարտքն է շարունակել այդ սուրբ երթը` ընկեր Զաւէնին երթը, ըլլալով միասնական, վճռական եւ պատրաստ` մեր բաժին զոհողութիւնը բերելու մեր գիւղին, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքի պայծառ ապագային համար»:

Արարողութեան առաջին եւ ամէնէն յուզիչ բաժինը տեղի ունեցաւ ժողովրդային տան «Զաւէն Թաշճեան» սրահին մէջ, ուր հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմիններու եւ նահատակի ընտանիքին ներկայութեամբ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ այս առիթին համար պատրաստուած նահատակին կիսանդրիի քողազերծումը` ձեռամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նահատակին կնոջ: Երբ յայտնուեցաւ նահատակ Զաւէն Թաշճեանի կերպարը, ամէնուրեք տիրեց յուզումով եւ խոնարհումով լեցուն մթնոլորտ մը, արդարեւ, այդ կիսանդրին այլեւս պիտի չըլլայ միայն յուշարձան մը, այլ` մնայուն ներկայութիւն, լուռ վկայութիւն մը անձնազոհութեան, հաւատարմութեան եւ ազգային ծառայութեան այն ուղիին, զոր նահատակը իր կեանքով ու արեամբ կնքեց:

Այս առիթով Մարինէ Գարայեան  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանին, որուն գործերն են նահատակին կիսանդրին եւ հարթաքանդակը: Ապա անդրադարձաւ անոր ծաւալած գեղարուեստական եւ մասնագիտական հարուստ ուղիին` հիմնելով «Փարոս» լուսանկարչատունը, ինչպէս նաեւ  քանդակելով  հայ մտաւորականներու, ազգային գործիչներու եւ հերոսներու կերպարները,  որոնք ներկայիս զետեղուած են  աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` իբրեւ կենդանի յիշողութիւններ եւ պատգամ`  անոնց անմահութիւնը գալիք սերունդներուն յուշող:

«Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Շահան Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան յաջորդած քառասուն տարիները չկրցան նսեմացնել անոր յիշատակը, որովհետեւ նահատակները չեն հեռանար մեզմէ, անոնք կը շարունակեն ապրիլ իբրեւ կենդանի խիղճ եւ ուղեցոյց` տարբեր սերունդներու պայքարին մէջ: «Թէեւ շատեր, ներառեալ իմ սերունդս, զինք անձամբ չեն ճանչցած, սակայն մեծցած են անոր օրինակով` սորվելով, որ ազգային ծառայութիւնը պաշտօն չէ, այլ պարտաւորութիւն, իսկ հաւատարմութիւնը` կեանքի ընթացք», նշեց ան:

Փանոսեան յայտնեց, որ այդ կիսանդրիի զետեղումը Թաշճեանին իսկ անունը կրող ժողովասրահին մէջ, խորհրդանշական պատգամ մըն է, որ պիտի յիշեցնէ, թէ ղեկավարութիւնը պատասխանատուութիւն է, պաշտօնը` ծառայութիւն, իսկ ազգային գործիչը կը չափուի իր զոհողութիւններով: Այդ կիսանդրին քարեղէն յուշարձան մը չէ միայն, այլ անտեսանելի ներկայութիւն մը, որ ամէն որոշումի պահուն պիտի հրաւիրէ մեզ գնահատելու մեր հաւատարմութիւնը հանդէպ այն արժէքներուն, որոնց համար նախորդ սերունդները պայքարեցան ու զոհուեցան:

Շ. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ առիթը միայն յարգանքի տուրք մատուցելու չի ծառայեր, այլ նաեւ նորոգելու մեր ուխտը` մնալու հաւատարիմ մեր ժողովուրդին, ինքնութեան եւ ազգային գաղափարին: Արդարեւ, Զ. Թաշճեանին կեանքը մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգի գոյատեւումը կը հիմնուի հաւատքի, կազմակերպուածութեան, ինքնագիտակցութեան եւ անձնազոհութեան վրայ, իսկ նահատակներու յիշատակը կը մնայ յաւերժ միայն այն ատեն, երբ անոնց գործը կը շարունակուի: «Ուստի, Զաւէն Թաշճեանին կիսաքանդակը թող չըլլայ միայն անցեալի յուշ, այլ ապագայի ուղեցոյց, որ ամէն օր մեզի կը հարցնէ` արժանի՞ ենք այն զոհողութիւններուն, որոնց շնորհիւ այսօր այստեղ ենք», եզրափակեց ան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Ապա տեսերիզի միջոցով սրտի խօսք փոխանցեց Քանատայէն կրթական մշակ եւ նահատակի մտերիմ ընկերներէն Մուշեղ Գարագաշեան, որ կենդանի եւ անկեղծ վկայութիւն տուաւ Զաւէն Թաշճեանի հարուստ ու բազմերես անհատականութեան մասին: Ան վերակենդանացուց այն օրերը, երբ Զաւէն Թաշճեան իբրեւ ընկեր, գաղափարակից եւ պայքարի ճամբու ուղեկից իր շրջապատին մէջ կը կերտէր իր առանձնայատուկ տեղը: Ան յիշեց բազմաթիւ դէպքեր եւ մտերմիկ հանդիպումներ, որոնց ընդմէջէն ուրուագծուեցաւ Զաւէն Թաշճեանի մարդկային կերպարը` արթուն, կարգապահ ու աշխատասէր աշակերտի, ազգային վառ զգացումներով ու հայրենասիրական ոգիով տոգորուած պատանիի, որ փոքր տարիքէն իսկ իր կեանքը կապած էր ժողովուրդին եւ ազգին ծառայելու գաղափարին:

Ելոյթին երկրորդ բաժինին մէջ աւելի ամբողջական կերպով ներկայացուեցաւ անոր հասուն տարիներու գործունէութիւնը: Մ. Գարագաշեան Զաւէն Թաշճեանը նկարագրեց իբրեւ ընտանիքի ամրակուռ սիւն, պատասխանատու եւ նուիրեալ երիտասարդ, շնորհալի դերասան, կրթական ու միութենական կեանքի պարկեշտ ծառայող, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններուն մէջ անշահախնդիր, արդարամիտ եւ սկզբունքային ներկայացուցիչ: Ան շեշտեց, որ Զաւէնը ոչ միայն գաղափարապաշտ դաշնակցական զինուոր մըն էր, այլ նաեւ իր երդումին հաւատարիմ, վճռակամ եւ հզօր անհատականութիւն, որ իր ամբողջ կեանքով մարմնաւորեց ծառայութեան, զոհաբերութեան եւ պատասխանատուութեան արժէքները: Գարագաշեան հաստատեց, որ նահատակութենէն քառասուն տարիներ ետք ալ  Զաւէն Թաշճեանի յիշատակը կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները եւ կը մնայ լուսաւոր փարոս մը, որ իր ճառագայթներով կը միանայ Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն անմար յիշատակին` առաջնորդելով հայորդիները դէպի ազգային արժէքներու եւ հաւատարմութեան ուղին:

Ապա, ԼԵՄ-ական Գէորգ Լաքիսեան ասմունքեց Պետրոս Հերեանի «Ի՞նչ բողբոջ է» բանաստեղծութիւնը` նուիրուած Զաւէն Թաշճեանի:

Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական – քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած վաւերագրական տեսերիզը, որուն համադրումը եւ պատրաստութիւնը կատարած էին Շողեր Գառնէշեան եւ Սեւակ Սաղպազարեան: Տեսերիզը կ՛անդրադառնայ հայանուն վարձկանի մը կողմէ հակադաշնակցական պայքարի զոհ գացած, Այնճարի հարազատ եւ արժանաւոր զաւակ Զաւէն Թաշճեանի սպանութեան դէպքին, անոր նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամին, նահատակի կեանքի փուլերուն, անոր միութենական պատրաստուածութեան ու ՀՅԴ գաղափարական հնոցին մէջ կազմաւորուած ազգային ու կուսակցական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թատերական մարզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն: Յատկապէս շեշտը դրուեցաւ անոր բծախնդիր մօտեցումին վրայ` գիւղի ապահովութեան, կարգ-կանոնի պահպանման, գիւղի ազգային կեանքի կազմակերպ աշխուժութեան, բարոյական արժէքներու կառչածութեան ու պահանջատիրական երթի շարունակութեան առումով:

Ընտանիքին խօսքը փոխանցեց նահատակ Զաւէն Թաշճեանի թոռը` Միհրէ Տէր Ղուկասեանը, որ ընդգծեց, թէ, թէեւ անձամբ չէ ճանչցած իր մեծ հայրը, սակայն մեծցած է անոր յիշատակով եւ ընտանիքին փոխանցած արժէքներով: Ան պատմեց, թէ մանկութենէն լսած է Զաւէն Թաշճեանի քաջութեան, ազգասիրութեան եւ ծառայասիրութեան մասին` բացայայտելով, որ ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ պատկերացուցած է անոր կերպարը իբրեւ ընտանիքին, գիւղին եւ հայ ժողովուրդին նուիրուած անձնաւորութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ Զաւէն Թաշճեանը հայ մշակոյթի, կրթութեան եւ ազգային ինքնութեան պաշտպան մըն էր, որ իր կեանքով օրինակ դարձաւ յաջորդ սերունդներուն:

Միհրէ Տէր Ղուկասեանը շեշտեց, որ նահատակներուն յիշատակը միայն անցեալը յարգելու առիթ չէ, այլ նաեւ ինքնաքննութեան եւ պարտաւորութեան կոչ: Ան նշեց, որ երիտասարդ սերունդին առաքելութիւնն է պահպանել հայ լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը, գործնական մասնակցութիւն բերել  միութենական կեանքին եւ արժանի յաջորդը դառնալ նախորդներու զոհողութիւններուն: Նահատակին թոռը ըսաւ, որ Հայաստան կատարած իր այցելութեան փորձառութիւնը, յատկապէս Սարդարապատի եւ Սիւնիքի մէջ ունեցած տպաւորութիւնները, աւելի խորացուցած են անոր գիտակցութիւնը, որ ազգային յաղթանակներն ու գոյատեւումը կերտուած են զոհողութեան եւ պայքարի շնորհիւ:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան փոխանցեց իր պատգամը`  վերահաստատելով Այնճարի  անվտանգութեան ու դիմագիծի պահպանման ուխտը:

Ան իր խօսքին մէջ յատուկ շեշտ դրաւ Զաւէն Թաշճեանի մարմնաւորած արժէքներուն վրայ` զայն որակելով պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան եւ տուած երդումին տէր կանգնելու անգերազանցելի օրինակ` նշելով, որ պետական կառոյցներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Այնճարի հայութեան անվտանգութիւնն ու ներքին համախմբուածութիւնը ապահովուեցաւ շնորհիւ ընկ. Զաւէնի եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդուլ ջանքերուն: Թշնամին, գիտակից ըլլալով այս միջավայրի ազդեցութեան, վարձկաններու միջոցով թիրախաւորեց հաւաքական կեանքը հմտօրէն ղեկավարող ընկեր Զաւէնը, որ իր դիրքին վրայ ինկաւ պարտականութեան ճանապարհին:

Ա.  Պալապանեան անդրադարձ կատարեց Այնճարի իւրայատուկ միջավայրին, որ ծնունդ տուած է Հայ դատի ուժական պայքարի ռահվիրաներուն, որոնցմէ Պետիկ Ինճէեանի արիւնը փշրեց Հայոց ցեղասպանութեան դէմ քաշուած լռութեան պատը: Ան յայտնեց, որ Զաւէն Թաշճեան իր սիրած «Նայիրեան բարտի»-ին եւ կանգուն մեռնող կաղնիին նման, իր կեանքով ու նահատակութեամբ ակօսեց հաւատքի այնպիսի արմատներ, որոնցմով կազմաւորուեցան դաշնակցական յաջորդող սերունդները:

Խօսքի աւարտին ան   նախազգուշացումով շեշտեց, որ Այնճարը Մուսա Լերան հերոսներու աւանդն է, որ բիւր զոհողութիւններով, քրտինքով ու արեամբ ճահիճէն վերածուեցաւ Պեքայի գոհարին: Ուստի, Այնճարի հայակերտ դիմագիծի աղաւաղման տանող ամէն տեսակի յանցանք կամ հանդուրժողականութիւն կը նկատուի ուրացում եւ դաւաճանութիւն` նահատակներու թափած արեան հանդէպ:

Յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի` Ալպեր Պալապանեան խօսքը փակեց նահատակ ընկերոջ անմար յիշատակին առջեւ խոնարհումով եւ անոր գաղափարական կտակին հաւատարիմ մնալու կոչով: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցան նահատակին կինն ու թոռները, եւ ՀՅԴ  «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը կնոջ յանձնեց «Լեռնորդի» խորագրուած ոսկէ յուշանուէր մը, որ կը  խորհրդանշէ Մուսա Լերան խիզախ, մարտունակ եւ հերոսական ոգին, իսկ Զաւէն Թաշճեանի հարթաքանդակը, որուն քանդակագործն է արուեստագէտ Վարդան Աւեսեանը, յանձնուեցաւ նահատակին չորս թոռներուն:

Տեսերիզի միջոցով առաջին անգամ ըլլալով հնչեց  Զաւէն Թաշճեանին նահատակութեան 40-ամեակին առիթով պատրաստուած «Լեռնորդի» խորագիրով երգը, որուն խօսքի հեղինակն է Մհեր Գարագաշեան, երաժշտութիւնը յօրինած է Մաշտոց Աւ. քհնյ. Աշգարեան, դաշնաւորումը եւ ձայնագրութիւնը կատարած է Սեդօ Պաղտասարեան, իսկ երգեցողութիւնը` Ղազար Քէօշկէրեան: Երգը իր խորիմաստ բառերով եւ ազդեցիկ մեղեդիով վերածուեցաւ սերունդներուն ուղղուած պատգամի` հաւատարմութեան, ծառայութեան եւ ազգային նուիրումի մասին:

 

Leave a Comment