Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ուրբաթ, 12 յունիս 2026-ին «Էսբաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2025-2026 տարեշրջանի «Երազանքի կտաւներ» աշակերտական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ներկայացուցիչ Անդօ Տէր Պօղոսեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը առիթ է ներկայացնելու ամբողջ տարուան աշխատանքին պտուղները, արժեւորելու աշակերտներուն ջանքերն ու յաջողութիւնները, եւ միաժամանակ քաջալերելու զանոնք` շարունակելու իրենց ստեղծագործական ուղին:
Ան ըսաւ, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր ստանձնած է հայ մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ սերունդէ սերունդ փոխանցման առաքելութիւնը` այն խոր համոզումով, որ մշակոյթը ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմնաքարն է, իսկ արուեստը` անոր ամէնէն նուրբ եւ ամէնէն հզօր արտայայտութիւններէն մէկը: Անդօ Տէր Պօղոսեան աւելցուց. «Այս հաւատքով եւ տեսլականով հիմնուած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ այսօր շուրջ վաթսուն աշակերտներով, փորձառու արուեստագէտ ուսուցիչներով եւ նոր շունչ ու եռանդ բերող երիտասարդ մասնագէտներով կը շարունակէ իր կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը»:
Ներկայացնելէ ետք «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի մասնագիտական վարպետութեան դասերը, ցուցահանդէսներու մասնակցութիւնը, արուեստագէտներու հետ հանդիպումները եւ ձեռային աշխատանքներն ու շնորհաւորական բացիկները, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից կը դառնան դպրոցի զարգացման ճիգերուն:
Ապա խօսք առաւ ցուցահանդէսի հովանաւոր, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսով Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը անգամ մը եւս կը ներկայանայ բոլորին` խոստմնալից երիտասարդներով, որոնք վաղը անպայման պիտի հարստացնեն մեր կեանքը: Ան աւելցուց. «Ա՛յն, ինչ կը տեսնենք հոս, միայն ներկ, վրձին եւ մատիտ չեն, այլ կը տեսնենք` կամք, կեդրոնացում, հոգիի սլացք, բանականութիւն եւ թռիչք: Այո՛, այս գործերը միայն ձեռքերու գործեր ու վարժութիւններ չեն, այլ` կարգապահութեամբ, բծախնդրութեամբ, համբերութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ կատարուած աշխատանքներ:
Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը անցնող տարեշրջանի աշխատանքի արգասիքն է, որուն համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք բոլոր պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք նուիրումով ու համոզումով կատարեցին իրենց վստահուած գործը: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Թ. Ռոսլին» դպրոցը, փոխան սպառողական «մշակոյթ»-ի, կ՛ուսուցանէ ստեղծագործութիւն, այլոց կապկելու փոխարէն` կը զարգացնէ երեւակայութիւն, հետեւորդ ըլլալու փոխարէն` կը կառուցէ ինքնուրոյն նկարագիր, ենթարկուածութեան փոխարէն` կը սորվեցնէ անկաշկանդ արտայայտութիւն: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` երբեք չընկրկելու, այլ` տոկունութեամբ շրջանցելու խոչընդոտները եւ միշտ ձգտելու աւելի լաւին, լաւագոյնին եւ բարձրագոյնին:
Հաւաքի եզրափակիչ պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ նշեց, թէ ցուցահանդէսը առիթ է շրջապատուելու զուարթ գոյներով` շնորհիւ աշակերտներուն, հակառակ մեզի շրջապատող ուշքը մթագնող պայմաններուն: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ փոքրիկ արուեստագէտներուն ներաշխարհը պայծառ է: Ան գնահատեց Համազգայինը, որ առիթ կ՛ընծայէ` փնտռելու ընտիրը, զբաղելու ազնիւ գործով, ստեղծագորելու եւ մշակելու տաղանդները, որպէսզի ապագային մեր կեանքը լեցուի ազգային, հոգեւոր ու կենսունակ շունչով եւ տաղանդաւորներով:
Շահէ արք. Փանոսեան արժեւորեց վստահութիւնը ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները տարբեր բնագաւառներու մէջ Համազգայինի հոգատարութեան կը յանձնեն: Ան յայտնեց, որ Համազգայինը կազմուած է կամաւոր մարդուժով, որ մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանութեան նկատմամբ ինքզինք պատասխանատու կը զգայ, եւ անցնող տասնամեակներուն այդ գիտակցութեամբ նուիրուեցաւ սերունդներու դաստիարակութեան գործին` կանգուն պահելով մեր կեանքը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ցուցադրուեցան իւղաներկով եւ ջրաներկով պատրաստուած զանազան չափերու աւելի քան 150 ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ` կաւէ քանդակներ: Ցուցահանդէսի կեդրոնական բաժինին մէջ ցուցադրուեցան աւարտական աշակերտ Սէրլի Մուղալեանին գործերը, որոնց շարքին էր իր պաշտպանած աւարտական թեզին գործը:
