Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի «Եախթ քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցութեան երեկոն, որուն նպատակն էր քաջալերել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործունէութիւնը, աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիզա Մանտալեան, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի հիւրերուն ներկայութիւնը միութեան ուժ, ոգեշնչում եւ վստահութիւն կը պարգեւէ` շարունակելու աշխատանքներն ու առաքելութիւնը: «Այս գիշեր մեզ կը միաւորեն նուիրումը, զօրակցութիւնն ու միասնական ոգին: Ձեր աջակցութիւնը այս ձեռնարկին զայն կը դարձնէ իսկապէս յատուկ եւ կը հաստատէ մեր հաւատքը, որ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ ամուր սիւն մը մեր համայնքին մէջ», ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեան, որ ծանօթացուց վարչութիւնն ու անոր յանձնախումբերը:
Ան իր խօսքին սկիզբը յիշեց մայիս 28-ի յաղթանակին նուիրուած եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցած փառատօնը, որուն ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները եւ մարզիկները տողանցեցին հպարտ եւ ուրախ, գլուխնին բարձր եւ հայեացքնին դէպի ապագայ, նաեւ ներկայացուեցան սկաուտական ձեռային աշխատանքները, իսկ մարզական ձեռքբերումները արժանացան ծափահարութիւններու եւ գնահատականներու:
Ի. Եղիայեան դիտել տուաւ, որ փառատօնին նաեւ շեշտուեցաւ, որ հայապահպանման աշխատանքը կը շարունակուի ամէնուրեք, եւ հոն, ուր որ ՀՄԸՄ-ը ներկայ է, պայքար կը ծաւալի այլասերումի, օտարացումի դէմ, աշխատանք կը տարուի հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին համար ստեղծել հայկական ապահով միջավայր` պատրաստելու համար տիպար քաղաքացիներ:
«Մենք` ՀՄԸՄ-ականներս, հաւատարիմ կը մնանք մեր երդումին` մեր պատուոյն վրայ ծառայել հայ ազգին ու սրբազան հայրենիքին: Բայց այս ամբողջը չի կրնար իրականանալ` առանց արդիական միջոցներու, մարզական սրահներու, դաշտերու եւ ակումբներու:
«Այսօր ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի մէջ կը գործէ 6 շրջաններու մէջ, 6 ակումբներէ ներս: Ունի 1200-է աւելի սկաուտներ, նոյնքան ալ` մարզիկներ: Բայց նաեւ ունի կարիքներ եւ նոր ծրագիրներ», ըսաւ ան եւ յիշեց զանոնք` սկաուտական կեդրոնական բանակավայր մը, Պուրճ Համուտի եւ Ժըտէյտիի շրջաններուն համար պասքեթպոլի ակադեմիա մը, փինկ փոնկի սրահի նորոգութիւն, ֆութպոլի դաշտի բարեզարդում, միութեան փողերախումբի պատշաճ նստավայր, ՀՄԸՄ Լիբանանի պատմութեան թանգարան եւ Շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղիի նորոգութիւն:
Իշխան Եղիայեան անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Լիբանան կ՛անցնի դժուար օրերէ, տնտեսական տագնապէ, սղաճէ, քաղաքական անկայունութենէ, պատերազմական վիճակէ, բայց եւ այնպէս, հայութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը ներկայութիւն են Լիբանանի մէջ, «ինչպէս որ դուք ալ հոս էք էւ ձեռք ձեռքի եթէ չտանք, չենք կրնար գոյատեւել»:
«ՀՄԸՄ-ը ձեր նեցուկին պէտք ունի հիմա եւ ապագային: Անցեալին հոս նստողներուն ծնողները, ազգականները, եղբայրները այդ օժանդակութիւնը ըրած են. իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ գոնէ մէկը եղած է, որ ՀՄԸՄ-ին ձեռք երկարած է: Այսօր այդ ջահը ձեզի փոխանցուած է, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի լոյսը միշտ վառ մնայ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը շարունակէ հայ երիտասարդութեան ապագան լուսաւորել: Մենք կը խոստանանք մօտ ապագային մեր իրագործումները ձեզի տեղեկացնել եւ միասին հանդիպինք նոր ծրագիրներու սեմին», եզրափակեց ան:
Ապա Զաւէն Տէր Պետրոսեան եւ Հերա Պուչաքճեան ընթրիքին հրաւիրեալներուն ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան զարգացման եւ շինարարական չորս առաջնահերթ ծրագիրներ` ամենայն մանրամասնութեամբ, համապատասխան լուսանկարներով, բացատրութիւններով եւ նիւթական պատկերով:
Առաջին` նորոգութիւն եւ ընդարձակում ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին, ուր կը մարզուին աւելի քան 400 ՀՄԸՄ-ականներ` տարբեր մասնաճիւղերէ: Նշուեցաւ, որ ՀՄԸՄ-ի «Զաւարեան» մարզադաշտը առաջին անգամ արդիականացուեցաւ 2010 թուականին, որմէ ետք զանազան առիթներով նորոգուեցաւ, վերջինը 2024 թուականին էր: Ներկայիս Շրջանային վարչութիւնը յաջողած է ձեռք ձգել յաւելեալ 250 քառակուսի մեթր դաշտին կից հողամաս մը, ուր պիտի կառուցուին իբրեւ եկամուտի մնայուն աղբիւր հանդիսանալիք տարեդարձներու սրահ, մարզասրահ, քիոսք եւ ՀՄԸՄ-ի յատուկ գոյքերու խանութ:
Երկրորդ` Շրջանային փինկ փոնկի մարզասրահ: Բացատրուեցաւ, որ ներկայի փինկ փոնկի մարզասրահը կը գտնուի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրէն ներս, հիմնուած է աւելի քան 20 տարիներ առաջ, շատ քիչ առիթներով ենթարկուած է նորոգութիւններու կամ բարեկարգումներու, ուստի Շրջանային վարչութեան առաջնահերթութիւնն է ամբողջովին նորոգել եւ զայն օժտել արդիական մարդամեքենայով մը, որ պիտի արտօնէ մեր մարզիկներուն աւելի բարձր մակարդակի փորձեր կատարել, ինչպէս նաեւ` հիւրընկալել զանազան մրցաշարքեր:
Երրորդ` շեփորախումբի նստավայր, որ պիտի ստեղծէ յարմար պայմաններ երաժշտական փորձերու, գործիքներու պահպանման եւ յառաջիկայ սերունդներուն մօտ երաժշտութեան զարգացման համար:
Շնորհիւ նոր կառոյցին` շեփորախումբը պիտի պատսպարուի անձրեւէն եւ պիտի կարողանայ նոյնիսկ ձմրան եղանակին շարունակել իր փորձերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր նուագարանի խմբակ կարելիութիւն պիտի ունենայ զուգահեռ իր փորձերը կատարելու` առանց խանգարուելու:
Չորրորդ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի թանգարան, որ ամբողջովին նորութիւն պիտի ըլլայ` յատկացուած ցարդ ստացուած յուշանուէրներուն, շքանշաններուն, բաժակներուն եւ արժէքաւոր արխիւներուն:
Ապա իր խօսքը արտասանեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ նախ յիշեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս աղջկանց խումբին Լիբանանի ախոյեանութիւնը նուաճելը` դիտել տալով, որ այս յաղթանակը միայն մարզական նուաճում մը չէ, այլ` տարիներու նուիրումի, կարգապահութեան, հետեւողական աշխատանքի եւ տեսլականի արգասիքը:
«Ան կը վկայէ, որ ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ կերտել ախոյեաններ, ինչպէս նաեւ` արժէքներով ապրող երիտասարդներ: Եւ թերեւս այս երեկոյին համար աւելի գեղեցիկ խորհրդանիշ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ այն, ինչ որ երէկ տեսանք մարզադաշտին վրայ, այսօր կը տեսնենք այս հանդիպումին:
«Այսօր մենք հետեւեցանք ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներու ներկայացման, սակայն իրականութեան մէջ մենք միայն ծրագիրներու մասին չլսեցինք, այլ տեսանք տեսլական, պատասխանատուութիւն, թափանցիկութիւն եւ ապագայի նկատմամբ անսասան հաւատք: Ծրագիրներ ներկայացնելը դիւրին է, սակայն զանոնք այսպիսի պատասխանատուութեամբ եւ յստակութեամբ ներկայացնելը վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ վստահութիւնն է մեզ այս սրահին մէջ համախմբողը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այդ երեկոյին նպատակն է ծրագիրները վերածել իրականութեան, իսկ այս առումով կարեւոր նկատեց մասնակից դառնալ այն ազգային առաքելութեան, զոր ՀՄԸՄ-ը աւելի քան մէկ դար շարունակ կը կատարէ լուռ, հետեւողական եւ անձնուէր կերպով:
Ն. Պայրագտարեան յայտնեց, որ իբրեւ նախարար` խոր հպարտութիւն կը զգայ ՀՄԸՄ-ի իրագործումներուն համար` բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որովհետեւ այս միութիւնը կը մարմնաւորէ այն արժէքները, որոնց վրայ կ՛ուզենք կառուցել մեր երիտասարդութեան քաղաքականութիւնը` կարգապահութիւն, պատասխանատուութիւն, կամաւոր ծառայութիւն, առաջնորդութիւն եւ առողջ ապրելակերպ:
«Բայց այսօր կը խօսիմ նաեւ իբրեւ հայ: Կը պարծենամ, որ մեր ժողովուրդը ստեղծած է ՀՄԸՄ-ի նման կառոյց` ոչ միայն մարզական ակումբ կամ սկաուտական շարժում, այլ` ազգային դպրոց, ուր կը կազմաւորուի բնաւորութիւն, կը դաստիարակուի պատասխանատու քաղաքացի եւ կը խորանայ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:
«Աւելի քան մէկ դար ՀՄԸՄ-ը միացուցած է սերունդներ, դաստիարակած է հազարաւոր երիտասարդներ եւ պահպանած է հայ ինքնութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն: Այս բոլորը, հակառակ դժուար պայմաններուն` տնտեսական ճնշումներուն, քաղաքական անորոշութեան, պատերազմներուն եւ արտագաղթի ստուերին: Երբ շատեր կը խօսին յուսահատութեան մասին, ՀՄԸՄ-ը լոյս կը սերմանէ, երբ շատեր կը տեսնեն միայն դժուարութիւններ` ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ դաստիարակել, մարզել, առաջնորդել եւ ոգեշնչել հայ երիտասարդութիւնը», դիտել տուաւ նախարարը: Ան նշեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` ՀՄԸՄ-ը կանգ չէ առած, որովհետեւ պայմաններու կազմակերպութիւն չէ, այլ առաքելութեան` հայութեան եւ երիտասարդութեան նկատմամբ:
Նորա Պայրագտարեան շեշտեց, որ այդ առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու եւ նորանոր ծրագիրներու իրականացման վկայելու համար պէտք է գործով եւս նեցուկ կանգնիլ ՀՄԸՄ-ին եւ անոր նորագոյն ծրագիրներուն, որոնք նոր յոյս եւ աւիւն պիտի տան միութեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս բոլորը լոկ շինարարական ծրագիրներ չեն, այլ ներդրումներ են մեր երիտասարդութեան ապագային մէջ: «Իւրաքանչիւր աղիւս, իւրաքանչիւր սարք, իւրաքանչիւր նոր սրահ եւ իւրաքանչիւր բարեկարգուած մարզավայր կը դառնայ նոր հայու կերտման միջոց», ըսաւ նախարարը:
Իր խօսքի աւարտին նախարար Պայրագտարեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` իր հեռատեսութեան եւ անձնազոհ աշխատանքին համար, որովհետեւ աշխատանքով կը փաստէ, որ ՀՄԸՄ-ը ոչ միայն հարուստ անցեալ ունեցող կազմակերպութիւն է, այլ նաեւ` մեծ ապագայ կառուցող ազգային հաստատութիւն: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի կողքին է եւ հրաւիրեց բոլորը զօրակից ըլլալու միութեան, որպէսզի ան կարելիութիւն ունենայ իր կարգին զօրակցելու սերունդներու փայլուն ապագայի կերտման:
Ընթրիքին իբրեւ վիճակահանութեան նուէր ընտրուած էր նշանաւոր գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի գործերէն մէկը: Կարին Յակոբեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց հռչակաւոր արուեստագէտն ու անոր տուեալ ստեղծագործութիւնը, զոր շահեցաւ Յարութ Սուսանին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ով:
ՀՄԸՄ-ի այս ընթրիք-երեկոյ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ծրագիրներու ներկայացումէն եւ անոնց զօրակցութենէն անդին` նաեւ առիթ եղաւ հին ու նոր ՀՄԸՄ-ականներու հանդիպման, յիշատակներու վերաթարմացման եւ այս միութեան մէջ ապրած ու գործած ՀՄԸՄ-ականներու համախմբման:










