Կիլիկեան Ուխտի Միաբանական Շարքերուն Միացան Երկու Կուսակրօն Քահանաներ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կիրակի 21 յունիս 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ` Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան` զանոնք վերակոչելով Նորայր աբեղայ եւ Հրայր աբեղայ:

Խարտաւիլակ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան` դպրեվանքի փոխտեսուչը, որ օր մը առաջ կոչման արարողութեան առաջնորդած էր ընծայեալները, վերահաստատեց անոնց աստուածատուր շնորհները: Աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ աղօթքներով ձեռնադրիչ սրբազան հայրը օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ անսասան պահէ զանոնք իրենց կոչումին մէջ: Ապա նորաօծ հայր սուրբերը հաւատացեալ ժողովուրդին տուին իրենց առաջին խաղաղութիւնը:

Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին Կոմիտաս արքեպիսկոպոս յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան իր քարոզին բնաբան ընտրած էր արարողութեան ընթացքին հնչած Մատթէոսի աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի խօսքը. «Զի լուծ իմ քաղցր է եւ բեռն իմ փոքրոգի»: Առաջին հերթին ան շնորհաւորեց երկու նորընծաները` մեր հոգեւոր հայրենիքին` Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան միանալուն առիթով եւ հոգեկան գոհունակութիւն յայտնեց ձեռնադրութիւնը կատարած ըլլալուն համար` Արամ Ա. կաթողիկոսին երախտապարտութեան խօսքեր արտայայտելով այս տնօրինումին համար: Խօսքը ուղղելով նորընծաներուն` ըսաւ. «Միշտ ի մտի ունեցէք Քրիստոսի խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ ան, որ մանանեխի չափ հաւատք ունենայ, պիտի կատարէ այն բոլորը, զորս ես կը կատարեմ եւ աւելին: Այս նոր լոյսի ճամբան, որ ընտրեցիք եւ մտաք գիտակցօրէն, օր ըստ օրէ թող ծաղկի եւ հոգեւոր կեանքի լուսաւորութիւն դառնայ եւ մնայ ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:

Օրինակ բերելով օրէնքի ուսուցիչ Նիկոդիմոսը` ձեռնադրիչ սրբազան հայրը քաջալերեց նոր աբեղաները իրենց կեանքը ապրելու երեք ճշմարտութիւններով` նոր կեանքի ուղի, նոր հոգեւոր ուղի եւ նոր ծառայութեան նոր ուղի: Ան ըսաւ, որ մարդկային կեանքին մէջ բոլորովին նոր կեանքի ուղի մըն է հաւատքի եւ աստուածպաշտութեան ուղին, որ գոյութիւն ունի Հին կտակարանի գիրքերուն եւ ուսուցումներուն մէջ` սկսեալ հայր Աբրահամէն, որուն ուխտը հաւատքի հասկացողութեան վրայ հիմնուած էր:

Վերջապէս, անդրադառնալով ծառայութեան ուղիին` Կոմիտաս սրբազան հայրը ընդգծեց. «Ջանացէ՛ք զայն իրագործել, քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ: Աստուած սէր է: Ծառայեցէք սրտա՛նց` ամուր հաւատքով, անսասան սիրով եւ խոնարհութեամբ, այն ատեն կ՛արժանանաք խոստացուած յոյսին»:

Հուսկ, «Ողջոյն»-ի պահուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորընծաներուն մուտքը Տիրոջ անդաստանէն եւ Կիլիկեան ուխտի միաբանական շարքերէն ներս:

Օծման եւ անուանակոչութեան սրտառուչ պահէն ետք նորընծաները կատարեցին սրբալոյս միւռոնով դրոշմուած իրենց ճակատին եւ ձեռքերու լուացումը: Հայր Նորայրի լուացումը կատարեց անոր կնքահայրութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Լիւսի Գարագաւուրեան ամոլը, իսկ հայր Հրայրինը` տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անահիտ Քէսմէեան ամոլը:

Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութեան եւ տուչութեան կարգը, որ կատարեալ հնազանդութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտի խորհրդանիշն է:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, գլխաւորութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ` դպրեվանքի տեսչական կազմի անդամներուն եւ ծնողներուն, հայր Նորայր եւ հայր Հրայր ծունկի եկած` ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Ապա եկեղեցւոյ դասին մէջ հաւատացեալները մօտենալով հայր սուրբերուն` շնորհաւորեցին զանոնք եւ ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը:

Նշենք, որ յառաջիկայ քառասուն օրերու ընթացքին նորընծայ աբեղաները պահեցողութեան, աղօթքի եւ խոկումի պիտի նուիրուին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ:

Leave a Comment