Հանդիսաւոր պաշտամունքով կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը նշեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակը:
Միջեկեղեցական ներկայացուցիչներ, հայ եւ այլ, մասնակցեցան պաշտամունքին, որ նաեւ ծառայեց իբրեւ ՄԱՀԱԵՄ-ի 79-րդ տարեկան համաժողովի պաշտօնական բացումը:
Պաշտամունքի թեման էր` «Խղճի ազատութիւն եւ հաւատքի յանձնառութիւն» (Գաղատացիս 5.1): Միութեան նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր պատգամին մէջ շեշտեց ոչ միայն իբրեւ Հայց. աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան գլխաւոր սկզբունքը, այլ նաեւ որպէս ուղեցոյց` այսօրուան քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կեանքին:
Ան իր խօսքին սկիզբը փորձեց բնութագրում տալ կրօնին եւ մարդու հաւատքին` հաստատելով, որ անոնք պարտադրանքներ պէտք չէ ըլլան, այլ` համոզումներ: Ապա ան շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալին հետեւեալ յայտարարութեան վրայ` «Քրիստոս մեզ ազատեց», եւ հաստատեց, որ այս կարեւոր հիմքէն մեկնելով` աւետարանական աստուածաբանութիւնը շեշտած է քրիստոնեային խղճի ազատութիւնը: «Քանի որ փրկութիւնը Քրիստոսի հանդէպ հաւատքով է եւ ոչ` մարդկային կարգադրութիւններով, պարզապէս աւանդութիւններով կամ եկեղեցական պահանջներով, քրիստոնեային խիղճը վերջնականապէս ենթակայ պիտի ըլլայ Աստուծոյ խօսքին եւ Քրիստոսի տիրութեան, եւ ոչ թէ` ժամանակաւոր մարդկային իշխանութիւններու հաւանութեան», ըսաւ վեր. Հայտոսթեան` անմիջապէս աւելցնելով, որ պէտք է գիտակցիլ, թէ ազատութիւն` չի նշանակեր սանձարձակութիւն, այլ պատասխանատու ազատութեան մասին է խօսքը:
Անդրադառնալով Եկեղեցւոյ առաքելութեան` պատգամաբերը ըսաւ, որ` «Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու այնպիսի հաւաքականութիւն մը: … Ան հաւատացեալներու հաղորդակցութիւնն է, որոնց խիղճը պատասխանատու է Տէր Յիսուսի առջեւ, որոնց կեանքը կը ձեւաւորուի Սուրբ Հոգիով, եւ որոնց ազատութիւնը կը դրսեւորուի փոխադարձ եւ սիրոյ ծառայութեան մէջ»: Ապա վեր. Փոլ Հայտոսթեան խօսեցաւ 180 տարիներ առաջ ծնունդ առած Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ծննդոցին, անցած ճանապարհին` հասնելով մինչեւ ներկան. «Անցեալը անցած կրնայ ըլլալ ժամերու հաշուարկով, բայց միամիտ պիտի չըլլանք: Մեր այսօրուան նորոգեալ եկեղեցական կեանքը ամրացած է նաեւ անցեալի չարիքի փորձով` մեր ստացած աստուածային ողորմութեամբ, մանաւանդ յարութեան յոյսով, նաեւ` քննական ակնոցով», ըսաւ ան:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յաջորդ բաժինին մէջ լուսարձակի տակ բերաւ խղճի ազատութեան քրիստոնէական կարեւոր այն երեսները, որոնք աղերս ունին եկեղեցական այդ տօնին հետ:
«Օրինապաշտութենէ ազատութիւն – Քրիստոնեան կոչուած է ապրելու հաւատքով, որ սիրոյ մէջ կը գործէ, այո՛, կանոնաւոր կենցաղով եւ սահմանադրութիւններով, բայց` ոչ կանոններու հանդէպ վախով: Օրինակ` եկեղեցւոյ անդամ մը կը ծառայէ, կը նուիրաբերէ, կը պաշտէ եւ կ՛աղօթէ ոչ թէ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար, այլ որովհետեւ արդէն ընդունած է Աստուծոյ փրկարար շնորհքը:
«Պարտադրանքէ ազատութիւն – Իսկական հաւատքը չի կրնար պարտադրուիլ: Եկեղեցին, ամէն եկեղեցի, կը համոզէ, կը սորվեցնէ, կը քարոզէ Աւետարանը, եւ աշակերտութիւն կը մշակէ, բայց չի հարկադրեր հաւատալ: Օրինակ` Եկեղեցին կ՛ընդունի իր անդամներուն անկեղծ հարցումներն ու կասկածները` փոխանակ պահանջելու աշխարհի տրամաբանութեամբ հպատակութիւն, նոյնիսկ եթէ Եկեղեցին է պարտադրողը, ինչ որ ստեղծած էր այդ հարցը 1840-ականներուն Պոլսոյ մէջ:
«Ազատութիւն` մարգարէական վկայութիւն տալու – Ազատ խիղճը Եկեղեցիին կարելիութիւն կու տայ անկաշկանդ կերպով բոլոր տեսակի իշխանութիւններու դիմաց ճշմարտութիւնը խօսելու, յարմար ժամանակին, Աւետարանի իշխանութեամբ, քրիստոսավայել մօտեցումով` քննելով մեր գոյութիւնը, պատմութիւնը, կոչումը, եւ Աստուծոյ բացած անսահման հորիզոնները: Պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաներ հակառակած են անարդար իշխանութիւններու, խտրականութեան, հալածանքի եւ ճնշումի, որովհետեւ իրենց խիղճը նախ եւ առաջ Քրիստոսի կը պատկանէր: Նոյնը Եկեղեցին պարտի կատարել ինք իր պահուածքին նկատմամբ` չափելով իր վիճակը Քրիստոսի հասակին հետ: Այստեղ լուսանցք մը բանալով` հարց տանք նաեւ, թէ նորօրեայ Արհեստական բանականութեան սլացքի զարգացումներով ինչպէ՞ս պիտի ազդուի խղճի ազատութեան մշակումը, կամ թէ արդեօք մահաքունի պիտի դրուի՞ մեքենենացուած խղճի մէկ տարբերակը:
«Ծառայութեան եւ սիրոյ ազատութիւն – Պօղոս առաքեալ անմիջապէս ազատութիւնը կը զուգորդէ սիրոյ հետ. «Սիրոյ միջոցաւ ծառայեցէ՛ք իրարու» (Գաղ. 5.13): Քրիստոնէական խղճի ազատութիւնը անձնակեդրոն անկախութիւն չէ, այլ` անձնուիրական ծառայութիւն: Սրտի խոր համոզում, Աստուածային ներկայութիւն մարդուն սրտին մէջ:
«Եկեղեցւոյ համար այսօր – Այսօրուան եկեղեցիին համար թերեւս ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը քրիստոնէական խղճի էութեան եւ կարեւորութեան մասին է. քաղաքական բեւեռացման, պատկանելիութեան եւ սկզբունքներու նօսրացումի, գաղափարախօսական ճնշումներու եւ մշակութային համակերպումի դարաշրջանին մէջ Եկեղեցին պէտք է դաստիարակէ հաւատացեալներ, որոնց խիղճը գերի չէ ո՛չ աշխարհամիտ հաւատարմութիւններու, եւ ո՛չ ալ շուկայացուած հոսանքներու նոյնիսկ եթէ անոնք ունենան հոգեւոր տարազ: Հաւատացեալին եւ Եկեղեցիին խիղճը միայն հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի ազատարար Աւետարանին վրայ: Այդպիսի ազատութիւնը կը կազմաւորէ Քրիստոսի հասուն աշակերտներ, որոնք կրնան մտածել, զանազանել, սիրել, վկայել եւ հաւատարմօրէն ծառայել Աստուծոյ, սեփական ժողովուրդին եւ մերձաւորին ու հեռաւորին: Այդպիսի ազատութիւն ոչ ոք կարող է խլել», ըսաւ ան:
Վեր. Հայտոսթեան դիտել տուաւ, որ ազատ խիղճը ազատութիւն ունի ոչ թէ մարդկային հեղինակութեամբ, այլ` Աստուծոյ խօսքով, անիկա երբեք առանձնացում կամ մեկուսացում չէ, այլ կը գործադրուի հաւատքի ընտանիքին մէջ, Աստուածաշունչ մատեանի առաջնորդութեան ներքեւ եւ ուրիշներուն հանդէպ սիրոյ մէջ: «Ազատութեան եւ պատասխանատուութեան, խղճի եւ հաւաքականութեան, շնորհքի եւ աշակերտութեան միջեւ այս հաւասարակշռութիւնը կը մնայ աւետարանականութեան ամէնէն տեւական եւ արժէքաւոր ներդրումներէն մէկը` ժամանակակից Եկեղեցւոյ համար: Քրիստոսի Եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը աւետարանական պրիսմակէն պէտք է թարգմանուի հաւատքի անկեղծ յանձնառութեամբ, արմատացած քրիստոսակերտ խղճի ազատութեան մէջ», շեշտեց ան:
Իր խօսքը եզրափակելով` պատգամախօսը հրաւիրեց բոլորը խոնարհութեամբ դիտելու անցեալը, ողորմընկալի գիտակցութեամբ ընդունելու մեր յարուցեալ ընթացքը, զղջումով անդրադառնալու մեր հաւաքական, անձնական թէ հաստատութենական զանցառումներուն:
«Քրիստոսի խաչին առջեւ խոնարհած` Քրիստոսի յարութեան զօրութեամբ յառաջ երթանք: Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, մենք` պարզապէս տկար անօթներ: Աստուծոյ առջեւ կանգնինք ազատ խղճով, պարզամտութեամբ եւ անկեղծութեամբ:
«Աշխարհը կարիքն ունի մեզի: Այո՛, մասամբ: Բայց աշխարհը կարիքն ունի իսկական կեանքի, յաւիտենական յոյսի, ուստի` Քրիստոսի փրկութեան: Անոր Աւետարանը պիտի շարունակենք քարոզել` սկսելով մեր մէջ մշակուող խղճի ազատութեամբ եւ յանձնառու հաւատքով», ըսաւ վեր. Հայտոսթեան:
Հայ աւետարանական հոգեւոր հովիւներ, նաեւ երիտասարդ, պատանի թէ մանուկ մասնակցողներ խմբային աղօթքով, աստուածաշնչական ընթերցումներով, երգչախումբով եւ նուագով ելոյթ ունեցան պաշտամունքի ընթացքին: Փոխանցուեցաւ շնորհաւորական խօսք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, եւ վեր. Ժոզեֆ Քասապի` Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական համայնքի Գերագոյն խորհուրդի նախագահին կողմէ:
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքէն զատ, ներկայ էին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչը, Երուսաղէմի եւ Միջին Արեւելքի Անկլիքան եկեղեցւոյ Նաուիմի եպիսկոպոսի ներկայացուցիչը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, Միջին Արեւելքի Աւետարանական եկեղեցիներու ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղարը, այլ կրօնական, քաղաքական ու համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի նախարարներ ու երեսփոխաններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը:



