ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային` նշելով. «Այս պատմական փուլը կու գայ նշելու ազատութեան, ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան անսասան սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութեան մը ստեղծման 250-ամեակը: Այս գաղափարները աշխարհի վրայ սերունդներ ներշնչած են եւ կը շարունակեն իբրեւ յոյսի փարոս ծառայել անոնց, որոնք կը ձգտին ազատութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան:
«Հայ ժողովուրդը Միացեալ Նահանգներու հետ ունի երկարատեւ եւ իմաստալից յարաբերութիւններ, որոնք կառուցուած են հասարակաց ժողովրդավարական արժէքներու վրայ եւ ամրապնդուած ամերիկահայ համայնքի նշանակալից ներդրումներով երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Մենք նաեւ կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած երկարատեւ մարդասիրական աջակցութիւնն ու պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը, որ ամրապնդած է մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան նկատմամբ համաշխարհային յանձնառութիւնը:
«Մենք բարձր կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ մեր բարեկամական ու կառուցողական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու շարունակուող աջակցութիւնը:
«Մինչ Միացեալ Նահանգները կը նշեն այս նշանակալից տարեդարձը, մենք ամերիկացի ժողովուրդին կը մաղթենք շարունակական խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ յաջողութիւններ: Անհամբեր կը սպասենք մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կապերու հետագայ ամրապնդման եւ ազատութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան հասարակաց արժէքներու յառաջ մղման գործին մէջ շարունակական համագործակցութեան»: