Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող աշխարհատարած բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 28 յունիս 2026-ին մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք` Հայրապետական մաղթանք` շնորհազարդ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար:
Յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան:
Սուրբ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորական հաւաքոյթ: Միաբանութեան անունով ուղերձ ընթերցեց դպրեվանքի հսկիչներէն Ազատ վրդ. Ֆիլիքեան:
Ուղերձէն անմիջապէս ետք վեհափառ հայրապետը արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը: