Համա-ՀՄԸՄ-ական Ձեռնարկներու Աշխուժ Եռուզեռով Ամիսներ

ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը աշխուժ եռուզեռի մէջ է: Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական եւ ընկերային բնոյթի հինգ մեծ ձեռնարկներուն:

Ձեռնարկներուն շարքը կը սկսի 13 յուլիսին` Գերմանիայէն, ուրկէ ընթացք կ՛առնէ ՀՄԸՄ-ի առաջին նաւապտոյտը` Դանուբ գետին վրայ: Եօթնօրեայ նաւապտոյտը կը համախմբէ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներ եւ բարերարներ, որոնք ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, նաւով կ՛այցելեն եւրոպական չորս երկիրներու (Գերմանիա, Աւստրիա, Սլովաքիա, Հունգարիա) եօթը քաղաքներ:

Յաջորդ ձեռնարկը, դարձեալ առաջին անգամն ըլլալով, 20-22 յուլիսին, Երեւանի մէջ կը համախմբէ միութեան համահայկական կառոյցի քարոզչական պատասխանատուները, որոնք եռօրեայ համագումարի մը ընթացքին կը քննեն արդի երիտասարդութեան հետ խօսակից դառնալու ժամանակակից միջոցները եւ ՀՄԸՄ-ը հայութեան աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու կարելիութիւնները: Համագումարին մասնակիցները կ՛այցելեն քարոզչական մարզի մասնագիտական կեդրոններ:

Սկաուտական աշխատանքները, իրենց կարգին, կարեւոր տեղ կը գրաւեն ՀՄԸՄ-ի համահայկական ձեռնարկներուն մէջ: 21-23 յուլիսին, Աղվերանի մէջ, Հայաստան, տեղի կ՛ունենայ միութեան «Արարատեան» կարգի մասնակիցներուն սեմինարը, մասնակցութեամբ 63 բարձրաստիճան քոյր-եղբայրներու, որոնք մէկուկէս տարուան տեսական եւ գործնական իրենց դասընթացքները աւարտելէ ետք` սեմինարին կը ներկայացնեն իրենց ուսումնասիրական աշխատանքները եւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի բացման հանդիսութեան կը ստանան սկաուտական միութենական իրենց բարձրագոյն կարգը:

«Արարատեան» կարգի սեմինարին կը յաջորդէ Բիւրականի մէջ կատարուելիք համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 28 շրջաններէն աւելի քան 900 սկաուտներ: Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւնը (ՀՄԱԿ), «Սիփան», «Նայիրի» եւ Սպահանի «Արարատ» միութիւնները:

«Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանով բանակումը կ՛երկարի 24 յուլիսէն 2 օգոստոս 2026 եւ, ինչպէս միշտ, կը յատկանշուի իր բազմամշակութային օրով, դէպի Արագածի գագաթ արշաւով, Երեւանի հրապարակային տողանցքով եւ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան ոգեկոչումով:

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան աշխատանքի դաշտը կը փոխադրուի Սիտնի, Աւստրալիա, ուր տեղի կ՛ունենան շրջանի բարձրաստիճան խմբապետներու սկաուտական «Վկայեալ» կարգի դասընթացքները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ եւ Եւրոպայէն յատուկ խմբապետներու գործուղումով: Խմբապետներուն կ՛ընկերանայ Կեդրոնական վարչութեան անդամ մը:

Այնուհետեւ, 2026-ի տարուան համա-ՀՄԸՄական ձեռնարկներուն եզրափակումը կը կատարուի 5-6 նոյեմբերին, երբ միութեան համահայկական ընտանիքը Երեւանի մէջ կը կատարէ միջդիւանական իր 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն կը նախորդեն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2023-2027 քառամեակի չորրորդ լիագումարի նիստերը:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment