«Ազդակ»-ի 89-րդ Առցանց Լսարան. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Աշխարհաքաղաքականութիւնը

Խորագիրով նշուած նիւթով «Ազդակ»-ի 89-րդ լսարանին դասախօսեց թրքագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Վարուժան Գեղամեան: Լսարանավարն էր` «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ այս նիւթին մասին տարի մը առաջ փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեանի եւ իր համահեղինակած «Թուրանի ճանապարհի հայկական սեպը` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմնահարցը» խորագիրը կրող գիրքի բովանդակութեան առանցքին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ … Read more

ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշխանին Մահուան Առիթով

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Քաթարի դեսպանատուն, ուր յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին Պէյրութի մէջ Քաթարի դեսպանին ներկայացուց ցաւակցութիւններ միաժամանակ անոր փոխանցելով Քաթարի իշխանին ուղղուած յատուկ ցաւակցագիր: Բագրատունի վեր առաւ Քաթարի հանգուցեալ իշխանին հայրական վերաբերումը … Read more

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ այցելութիւնը: Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեան Խումբը

Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանային ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը, խումբին անդամները, մարզիչներու կազմը, վարչական պատասխանատուներն ու գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանը` գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեանի: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում … Read more

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարին

Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտիի` ընկերակցութեամբ երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեանի եւ փաստաբան Սերժ Մելքոնեանի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց «Սեն Ժաք Փլազա» բնակարանային ծրագիրի պատմութիւնը եւ բնոյթը: Ներկայացնելէ ետք այս ծրագիրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր իրագործումը, քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը նախարարէն պահանջեց … Read more

Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց «Ազդակ»

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 10 յուլիսի առաւօտուն այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Սրբազանին հետ ծաւալած զրոյցը կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուուղ եւ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, յատկապէս արխիւի մասնագիտութեան պատրաստութեան, գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ մեկնարկած թերթօններու հաւաքման ու հրատարակութեան եւ այլ ձեռնարկներու։ Սրբազանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իրենց շրջանին մէջ … Read more

Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Չորեքշաբթի, 8 յուլիս 2026-ին Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի: Խնամակալութիւնը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց բուժարանին մէջ կատարուող աշխատանքները` տնտեսական, յարաբերական, բժշկական եւ այլ մարզերու առնչուած: Ան նաեւ զեկուցեց բուժարանին առնչուած ծրագիրներու մասին: Այս ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ յատուկ ծրագրի մը, … Read more

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 25 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ: Հանդէսը սկսաւ Կայէլ Ատուրեանի «Աչքդ գոցէ բաց» սրտի խօսքով, որուն … Read more

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին յատուկ նիստ, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յուլիս, 2026-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանային, լիբանանեան, հայաստանեան եւ համայնքային խնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ճշդեցին նաեւ ուղենշային կէտեր։ Ա․ Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը կը դիմագրաւէ հերթական դժուար փուլ՝ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու, դիւրաբեկ հրադադարի, Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան ընդառաջ … Read more

Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր` Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր` հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը լայնօրէն անդրադարձան Մխիթարեան միաբանութեան ներկայ առաքելութեան, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ միաբանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն … Read more