ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2026-ին, «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հիւրն էր: Հաղորդավար Սթեֆանի Իսհաքի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական եւ անվտանգային ներկայ իրավիճակին, շրջանային զարգացումներուն, արտաքին ազդեցութիւններուն, պետական հաստատութիւններու դերին, ազգային երկխօսութեան հրամայականին եւ երկիրը ներքին բախումներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութեան:
Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի քաղաքական փորձառութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ երկրի քաղաքական եւ համայնքային առանձնայատուկ դրուածքին մէջ յաղթողի եւ պարտուողի տրամաբանութիւնը չի կրնար գործել եւ երբեք չի կրնար կայունութիւն ապահովել: Անոր համոզումով` Լիբանանը, իր բազմազան կազմով, կրնայ շարունակել գոյատեւել միայն ազգային համաձայնութեամբ, երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով:
Անդրադառնալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական գիծին` Կիտանեան յիշեցուց, որ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կուսակցութիւնը սկզբունքային որոշում տուած էր չներքաշուելու ներքին պատերազմին` այն համոզումով, որ քաղաքացիական պատերազմները յաղթող չեն ունենար, իսկ բոլոր կողմերը ի վերջոյ կը վերադառնան քաղաքական լուծումներու եւ փոխադարձ համաձայնութեան:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն անցեալին եւ այսօր կը շարունակէ կանգնիլ լիբանանեան պետականութեան, սահմանադրական կարգին եւ պետական հաստատութիւններուն կողքին: Ան յիշեցուց, որ կուսակցութեան համար առաջնահերթութիւնը միշտ եղած է պետական կառոյցներու ամրապնդումը, սահմանադրական հաստատութիւններու պաշտպանութիւնը եւ օրինական պետական իշխանութեան պահպանութիւնը, որովհետեւ միայն ուժեղ պետութիւնն ու գործող հաստատութիւնները կրնան երաշխաւորել երկրի կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը:
Անդրադառնալով վերջին բանակցութիւններուն` Կիտանեան նշեց, որ ինք սկզբունքով դէմ չէ բանակցութիւններուն, քանի որ անոնք քաղաքական խնդիրներու լուծման բնական միջոցն են: Սակայն, ըստ անոր, բանակցութիւններու յաջողութիւնը կը չափուի ոչ միայն անոնց կայացումով, այլ նաեւ` արդիւնքներով եւ, նախ եւ առաջ, անոնց նկատմամբ գոյացած ազգային համաձայնութեամբ: Որեւէ համաձայնութիւն, որ չի վայելեր լիբանանցիներու լայն ընդունելութիւնը, դժուար թէ կարենայ երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովել:
Կիտանեան նաեւ զգուշացուց, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական պառակտումները ուղղակիօրէն կը նպաստեն Իսրայէլի շահերուն` թուլացնելով միասնական ազգային դիրքորոշումը: Ան շեշտեց, որ արտաքին ճնշումները եւ միջազգային հակադրութիւնները պէտք չէ վերածուին ներքին բախումներու, որովհետեւ Լիբանանը բազմիցս վճարած է նման զարգացումներու ծանր գինը:
Նախկին նախարարը կոչ ուղղեց համապարփակ ազգային երկխօսութեան` ընդգրկելով երկրի բոլոր քաղաքական ուժերը: Անոր համոզումով` միայն համախոհութեան միջոցով կարելի է քննարկել երկրի հիմնական խնդիրները, ներառեալ պաշտպանական ռազմավարութիւնը, պետական հաստատութիւններու դերակատարութիւնը եւ ազգային առաջնահերթութիւնները:
Խօսելով պետական հաստատութիւններուն մասին` Կիտանեան բարձր գնահատեց Լիբանանեան բանակին եւ անվտանգութեան բոլոր կառոյցներուն դերը` զանոնք նկատելով երկրի կայունութեան եւ միասնականութեան հիմնական երաշխաւորները: Ան ընդգծեց, որ այս հաստատութիւնները պէտք է մնան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշներ եւ հեռու պահուին քաղաքական բեւեռացումներէն:
Շրջանային իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` Կիտանեան վերահաստատեց, որ Լիբանանը չի կրնար անտեսել իր արաբական միջավայրը, եւ որ ազգային որոշումները պէտք է ծառայեն բացառապէս Լիբանանի գերագոյն շահերուն` միաժամանակ պահպանելով երկրի ինքնիշխանութիւնն ու անկախ որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը:
Անդրադառնալով տնտեսական իրավիճակին` ան նկատեց, որ լիբանանցին այլեւս չի կրնար շարունակել կրել տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամերու հետեւանքները: Ըստ անոր, պետական իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ տնտեսական վերականգնումը, բարեկարգումներու իրականացումը եւ քաղաքացիներու վստահութեան վերականգնումը:
Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան զգուշացուց, որ Լիբանանը կը մտնէ երկարատեւ քաղաքական եւ անվտանգային զգայուն փուլ մը: Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական ուժերուն` գերադասելու երկխօսութիւնը, ազգային պատասխանատուութիւնը եւ համախոհութիւնը, կանխելու ներքին պառակտումներն ու ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ, իր համոզումով, հայրենիքի պահպանումը բոլոր լիբանանցիներուն միացեալ պատասխանատուութիւնն է: