Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի

Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ միաժամանակ նախագահն է ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանը յուզող այժմէական շարք մը հարցերուն մասին եւ, բնականաբար, ունենալ անոր տեսակէտները: Վեհափառ հայրապետը նախ խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ կատարուող յարձակումները` անմեղ լիբանանցիներուն վրայ, … Read more

«Հայաստան» Հիմնադրամ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Նիւթական Աջակցութիւնը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Եւ Մասնագիտական Վերապատրաստման Ծրագիրներուն

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը (Fond Armenien de France) վերահաստատեց իր հաստատուն աջակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին` 2026 թուականի մարտ ամսուան սկիզբը տրամադրելով 100.000 տոլարի նիւթական օժանդակութիւն` ուղղուած երկրի 16 հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն: Այս նշանակալի ներդրումը նպատակ ունի ապահովել վարժարաններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանել կրթութեան բարձր որակը` ներկայիս առանձնայատուկ դժուար պայմաններուն մէջ: Նշեալ աջակցութիւնը կը փոխանցուի Երեւանէն` «Հայաստան» … Read more

«Մարդկայնութեան Պաշտպանութիւնը Աշխարհի Խիղճի Իրական Փորձարկում Է»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը` հակազդելով նախանցեալ օր Իսրայէլի գործած նախճիրին. «Մեր երկրին օրերը իրարու չեն նմանիր, ո՛չ ցերեկները, ո՛չ ալ իրիկունները… Անոնք պարուրուած են վախով, որով բնակուած է իւրաքանչիւր տուն եւ որ կը հալածէ իւրաքանչիւր մարդ: Ո՞ր մարդկայնութիւնը կ՛արդարացնէ, որ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հրաւէրով` Բարեսիրական Հաստատութիւններու Եւ Համայնքային Ընկերային Ծառայութիւններու Պատասխանատուներու Հանդիպում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի … Read more

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Նախագահ Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց լիբանանեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներուն: Այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին ներկայացնել էր կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիր-ուղեգիծ մը` Լիբանանը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական կացութենէն դուրս բերող ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող: Պասիլ լայնօրէն անդրադարձաւ յիշեալ ծրագիր-ուղեգիծին մէջ նշուած կէտերուն: … Read more

10 Վայրկեանի Ընթացքին… Տապալեցաւ Մարդկայնութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ, առ ի հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան, կատարուեցաւ հետեւեալ գրառումը. «Իսրայէլ վայրագ յարձակողապաշտութիւն գործեց Լիբանանի դէմ: Այդ սակաւաթիւ վայրկեաններուն ընթացքին, մարդկայնութիւնը լացաւ այնպիսի լռութեամբ, որ չլսուեցաւ ոեւէ մէկուն կողմէ»:

Զատկուան Տօնակատարութիւն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Ուրբաթ, 27 մարտ 2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային  համալիրին  մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին եւ Աղբալեան պատանեկան միութեան  կողմէ կազմակերպուած աւանդական դարձած  Զատկուան տօնակատարութիւնը համախմբեց շուրջ 230 մանուկներ` կէսօրուան ժամը 5:00-7:00: Սանահին Նալպանտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց պատանեկան միութեան  մաս կազմելու կարեւորութիւնը հայ  մանուկին կեանքին մէջ: Այս դժուար պայմաններուն մէջ, երեխաները մոռցան իրականութեան … Read more

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան: Երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Ժողովրդավարական … Read more

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակին` Թէյմուր Ժոմպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շեհայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու … Read more

ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց ՄԱԿ-ի Նոր Նշանակուած Յատուկ Զեկուցաբերը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մէջ Պաղեստինեան հողի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն եւ միջազգային օրէնքի օգնական դասախօս դոկտ. Զենա Ժալլատը նշանակեց մարդու իրաւունքներու վրայ միակողմանի բռնի քայլերու ժխտական ազդեցութեան հարցով յատուկ զեկուցաբեր: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց դոկտ. Ժալլատին` նշելով. «Ձեր նշանակումը տեղի կ՛ունենայ կարեւորագոյն ժամանակահատուածի մը մէջ, … Read more