Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակին` Թէյմուր Ժոմպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շեհայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի դիմագրաւած ներքին թէ՛ արտաքին դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտը պարզեց ներկայ կացութեան գծով` շեշտելով Լիբանանի ներքին միութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Յ. Բագրատունի, իր կարգին, անդրադարձաւ քաղաքական երկխօսութիւններու ճամբով համայնքներն ու կուսակցութիւնները միացնող հասարակաց գետինը ամրապնդելու հրամայականին:
Թէյմուր Ժոմպլաթ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր հօր` Ուալիտ Ժոմպլաթի ողջոյնները եւ միաժամանակ յայտնեց, որ ինք ամբողջութեամբ կը բաժնէ վեհափառին պարզած մտահոգութիւններն ու տեսակէտները` ընդգծելով նոր վտանգներէ երկիրը հեռու պահելու եւ լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ երաշխիք Լիբանանի անկախութեան ու ապահովութեան: Վերոնշեալ տեսակէտներուն շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում ներկաներուն կողմէ:
Յայտնենք, որ նոյն օրը Լիբանանի բանակը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց վեհափառ հայրապետին: