Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ միաժամանակ նախագահն է ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին:
Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանը յուզող այժմէական շարք մը հարցերուն մասին եւ, բնականաբար, ունենալ անոր տեսակէտները:
Վեհափառ հայրապետը նախ խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ կատարուող յարձակումները` անմեղ լիբանանցիներուն վրայ, ապա ան շեշտեց առաւել քան մէկ միլիոն գաղթականներուն օգտակար դառնալու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին` օժանդակելու Լիբանանին` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց երկրի նախագահին ու կառավարութեան շուրջ բոլորուելու եւ ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը: