Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը` հակազդելով նախանցեալ օր Իսրայէլի գործած նախճիրին.
«Մեր երկրին օրերը իրարու չեն նմանիր, ո՛չ ցերեկները, ո՛չ ալ իրիկունները… Անոնք պարուրուած են վախով, որով բնակուած է իւրաքանչիւր տուն եւ որ կը հալածէ իւրաքանչիւր մարդ: Ո՞ր մարդկայնութիւնը կ՛արդարացնէ, որ հայրենիք մը վայրկեանի մը ընթացքին ցաւի տեսարանի մը վերածուի: Մարդկայնութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական կեցուածք չէ… այլ աշխարհի խիղճի իրական փորձարկում է: Իսրայէլ կը սպաննէ մարդկայնութիւնը…»: