Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամներ Աքրամ Շեհայէպ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հատի Ապու Հասան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Հասան, կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի անդամներ Լամա Հըրէյզ եւ Քամել Ղսէյնի եւ Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Հարպ:
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման եւ պահպանման կարեւորութիւնը` նշելով, որ ասիկա ներկայ դժուար ժամանակներու եւ իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան եւ Լիբանանի վրայ անոր հետեւանքներուն պայմաններուն մէջ այս փուլին խորագիրն է: Շեշտուեցաւ պաշտօնական հաստատութիւններուն եւ մասնաւորաբար բանակին շուրջ բոլորուելու անհրաժեշտութիւնը: Նաեւ քննարկուեցաւ տեղահանութեան թղթածրարի լուծման նպաստող պատկան մարմիններուն հետ համագործակցութեան եւ համակարգումի անհրաժեշտութիւնը` այս թղթածրարին կառավարումը բոլոր մակարդակներուն վրայ ճիշդ ձեւով կատարելու համար: