«Հայաստան» Հիմնադրամ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Նիւթական Աջակցութիւնը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Եւ Մասնագիտական Վերապատրաստման Ծրագիրներուն

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը (Fond Armenien de France) վերահաստատեց իր հաստատուն աջակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին` 2026 թուականի մարտ ամսուան սկիզբը տրամադրելով 100.000 տոլարի նիւթական օժանդակութիւն` ուղղուած երկրի 16 հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն: Այս նշանակալի ներդրումը նպատակ ունի ապահովել վարժարաններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանել կրթութեան բարձր որակը` ներկայիս առանձնայատուկ դժուար պայմաններուն մէջ: Նշեալ աջակցութիւնը կը փոխանցուի Երեւանէն` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ գործակցութեամբ համահայկական հիմնադրամին Լիբանանի մարմինի միջոցով:

2019 թուականէն ի վեր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հետեւողական կերպով կը կանգնի Լիբանանի հայ համայնքին կողքին` դիմակայելու երկրին վրայ ազդեցութիւն ունեցած բազմաթիւ ճգնաժամերը, ներառեալ` «Քովիտ-19» համաճարակը, 2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը, դրամատնային համակարգի փլուզումը եւ անոր յաջորդած ծանր ընկերային-տնտեսական պայմանները: Այս բոլորին այսօր կը միանան շարունակուող պատերազմական եւ տարածաշրջանային լարուածութիւնները, որոնք կը շարունակեն խորացնել երկրի փխրուն իրավիճակը:

Կրթական ոլորտին ուղղուած աջակցութեան զուգահեռ, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը 2022 թուականէն ի վեր կը ֆինանսաւորէ նաեւ մասնագիտական վերապատրաստման նպատակային ծրագիրներ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, որոնք կը գործադրուին Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հովանաւորութեամբ: Ծրագիրները կը ներառեն խնամատարութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան սկզբունքներու ուսուցում, խնամատարներու եւ ատամնաբուժական օգնականներու պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայիս ընթացքի մէջ գտնուող ընկերային ցանցերու մէջ մարքեթինկի (marketing) դասընթացքներ:

Այս նախաձեռնութիւնները իւրաքանչիւր փուլին մօտ քսան երիտասարդներու կ՛ընձեռեն մասնագիտական հմտութիւններու ձեռքբերման եւ աշխատանքի շուկային մէջ յաջող ներգրաւման իրական կարելիութիւններ:

Լիբանանի «Հայաստան» հիմնադրամին յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի հայ համայնքը, կը յայտնեն իրենց խորին երախտագիտութիւնը այս կարեւոր աջակցութեան համար, որ իրականութիւն դարձած է Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի շարունակական նուիրումին, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործուն մասնակցութեան շնորհիւ:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 7 ապրիլ 2026

Leave a Comment