ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Այս հանդիպումը շարունակութիւնը հանդիսացաւ այն այցելութիւններուն, զորս Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները տուած էին յիշեալ կարգ մը հաստատութիւններուն` քննարկելու համար տարուած աշխատանքները, ստեղծուած վիճակի պատճառով ակնկալուած մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները:
Ժողովը շարունակեց քննարկումը վերոյիշեալ հարցերուն ու շարք մը գործնական առաջարկներու: Ի տես վատթարացած պայմաններու բերմամբ լիբանանահայութեան տարատեսակ կարիքներուն բազմապատկուելուն, շեշտը դրուեցաւ աշխատանքի համադրումով եւ բաժանումով եղած միջոցներու առաւելագոյն արդիւնաւորումը ապահովելու կարեւորութեան վրայ եւ որոշուեցաւ այս նպատակին համար ստեղծել համադրումի մեքանիզմ ու շարունակել նման հանդիպումները աւելի ընդլայնուած ձեւաչափով: