Ուրբաթ, 27 մարտ 2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին եւ Աղբալեան պատանեկան միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական դարձած Զատկուան տօնակատարութիւնը համախմբեց շուրջ 230 մանուկներ` կէսօրուան ժամը 5:00-7:00:
Սանահին Նալպանտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց պատանեկան միութեան մաս կազմելու կարեւորութիւնը հայ մանուկին կեանքին մէջ:
Այս դժուար պայմաններուն մէջ, երեխաները մոռցան իրականութեան ծանրութիւնը եւ ամբողջութեամբ տարուեցան տօնական մթնոլորտով` Լուսիկին եւ իր ընկերներուն հետ երգելով եւ խաղալով, պարելով ու ուրախանալով, իսկ ծաղրածուին ներկայացումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Երեխաները նաեւ նոյն վայրկեանին տպուող լուսանկարներ ստացան պատանիներուն կողմէ պատրաստուած պատի թերթին մօտ` ստեղծելով յիշատակելի պահեր: Տօնակատարութեան աւարտին բոլոր մանուկները ստացան նուէրներ` իրենց օրը դարձնելով աւելի ուրախ եւ յիշարժան: