Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Փիեռ Մուաուատին

Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Այն Սաատէի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումին զոհ դարձած Փիեռ Մուաուատի եւ անոր կնոջ` Ֆլաւիայի յուղարկաւորութիւնը: Թաղման բազմամարդ թափօրը անցաւ Պուրճ Համուտի Արմենիա պողոտային` յուզումի եւ ցասումի մթնոլորտի մէջ: Թափօրին անցած ժամանակ շրջանին մէջ խանութները եւ հաստատութիւնները իբրեւ սուգի արտայայտութիւն փակ մնացին: Երբ յուղարկաւորութեան թափօրը հասաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, Պուրճ … Read more

Հայ Եկեղեցին Տօնախմբեց Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը

Մեր Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ սուրբ Յարութեան տօնը հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին: Պատարագեց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրապետական իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Անոր առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. … Read more

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ կը գործեն պահպանելու համար համայնական մեր կեանքի ամրութիւնը: … Read more

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Անցնող Եռամսեակին 726 Դիմումի Ընդառաջում Եւ 6.829.000.000 Լ. Ո.-ի Օժանդակութիւն

2026 թուականի յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Երեսփոխանական գրասենեակ տարբեր հարցերով դիմում կատարած են 761 պարագաներ, որոնցմէ 726 պարագայի դիմումներուն ընդառաջում կատարուած է: Այս ընդհանուր թիւին 578 դիմումին եղած են նիւթական յատկացումներ ընկերային, կենցաղային, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային կարիքներու համար: 578 պարագայի յատկացուած է 6.829.000.000 լ. ո. (վեց միլիառ ութը հարիւր քսանինը միլիոն լիբանանեան ոսկի): Իսկ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայաստանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Գրիգորեան եւ Աւետիս … Read more

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով տեղահանուած գաղթականներուն զօրակցելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի Նապաայի շրջանին մէջ գտնուող Ֆարհաթ մզկիթ, ուր ապաստանած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ մզկիթի ներկայացուցիչ շէյխ Զայտ Ֆարհաթի եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ: Առաջնորդարանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր … Read more

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Առկայ Նիստ Երեւանի Մէջ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի առկայ նիստ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2026-ին։ Առցանց դրութեամբ նիստին մասնակցեցան Երեւանէն դուրս գտնուող Հարթակի մնացեալ անդամները։ Նիստը քննարկեց Իրանի եւ Լիբանանի վերաբերող պատերազմական իրավիճակներն ու տեղւոյն հայ համայնքերուն հետ կապուած երեւոյթները։ Քննարկումներուն առանցքներն էին … Read more

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հիւրընկալեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի, հոսանքի փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան … Read more

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Հետ

Չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռապիհ Շաէրի հետ: Փարիզի դեսպանատան մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան կապուած հարցեր: Դեսպանը ներկայացուց ընդհանուր իրավիճակը, զայն նկատելով մտահոգիչ, յատկապէս իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ֆինանսական հսկայական վնասներուն եւ անտուն դարձած մեծաթիւ գաղթականներու ի տես: … Read more

Ծաղկազարդի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, մանուկներու եւ պատանիներու, կիրակի, 29 մարտ 2026-ին: Այս տարի, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կազմակերպել մանուկներու հսկայ թափօրը` կլիմային աննպաստ ըլլալուն պատճառով: Ուստի, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման ընթացքին, պատարագիչ … Read more