«Ազատամարտ» Ակումբէն Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ աւանդական քայլարշաւ «Ազատամարտ» ակումբէն Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Քայլարշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տարազաւորները , ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի անդամները, «Ազատամարտ-Մուրատ» պատանեկան միութեան անդամները, ԼՕԽ-ականներ ու հայորդիներ: Խորհրդաւոր էր պատկերը սկաուտներուն, յատկապէս մոկլիներուն, արծուիկներուն եւ գայլիկներուն, որոնք մէկական ծաղիկ … Read more

Երեք Հայ Հոգւոր Պետերու Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ միջհամայնքային խորհրդակցական ժողով մը: Ժողովին կը մասնակցէին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան: Ժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. … Read more

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան` Թալին Գանլըճեանի կողմէ: Յայտնենք, որ ան նաեւ … Read more

«Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստ Եւ Յուշ Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին ս. պատարագի աւարտին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին յիշատակին` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի: Ապա, կէսօրուան ժամը 12:30-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրուած յուշ-հանդիպում մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: Հայ դատի մարմինը այդ երկիրներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր խոր գնահատանքը արտայայտելով նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշումը անոնց պատմական ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան ու հաշուետուութեան համաշխարհային արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութեան արտացոլացումն է: … Read more

Վահան Զանոյեան Զեկուցեց «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը կը շարունակէ շաբաթական հերթականութեամբ գումարել առցանց նիստեր՝ տարածաշրջանի պատերազմական իրադարձութիւններուն հետ կապուած գործընթացներու տարբեր ուղղութիւնները իբրեւ օրակարգի կէտեր ներառնելով։ Վերջին առցանց նիստը կայացաւ Շաբաթ երեկոյեան, 18 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։ Նիստին հրաւիրուած էր զեկուցելու համաշխարհային տնտեսական խնդիրներու եւ յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ Վահան Զանոյեան։ Վ. … Read more

«Լիբանանահայ Համայնքը Համախումբ Կը Դիմագրաւէ Ճգնաժամը». «Երկիր Մետիա»-ի Լուրերու Հաղորդումին Ընթացքին Հաստատեց Ալպեր Պալապանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, «Երկիր Մետիա»-ի լուրերու հաղորդումին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Լիբանանի պատերազմական իրավիճակին հետ կապուած ծանր պայմաններուն մասին եւ հաստատեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցելու ուղղութեամբ չկայ լիբանանեան համախոհութիւն: Բանակցային գործընթաց հասկացողութիւնը տակաւին շատ անորոշ է եւ միայն հրադադարի հաստատման շուրջ կրնայ գոյանալ համաձայնութիւն ներկայ պայմանները նկատի ունենալով: Ան շեշտեց, … Read more

Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուածը

Ինչպէս նախապէս ծանուցած էինք, «Ազդակ» հրատարակութեան կը յանձնէ իր նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին ձօնուած յաւելուածը: Վկայութիւններով, յուշերով եւ արժեւորումներով այս յաւելուածին մէջ ստորագրած են խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի նախկին-ներկայ աշխատակիցներ եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին մտերմութիւնը վայելած գործընկերներ: Գրութիւններ ունին` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Վիգէն Աւագեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հրաչ Վարժապետեան, Արմէն Ապտալեան, Թալին Օրտողլեան, Վերա Եագուպեան, Զաւէն Թորիկեան, … Read more

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, հայ երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը` … Read more

«Թող 13 Ապրիլի Յիշատակը Միասնականութեան Դաս Ըլլայ»

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 51-ամեակին առիթով, ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ հրապարակուեցաւ հետեւեալ գրառումը «13 ապրիլին կը յիշատակենք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութիւնը` իբրեւ յիշողութեան մէջ բացուած վէրք: Կը վերանորոգենք մեր յոյսը, որ այս յիշատակը մնայ դաս միասնականութեան, եւ ոչ թէ պատճառ դառնայ բաժանումի, եւ որ չկրկնուի ցաւը հայրենիքի մը մէջ, որ արժանի է … Read more