Թրամփ. «Ամերիկան Մեծ Ուժով Պիտի Հարուածէ, Եթէ Իրան Սկսի Ցուցարարները Սպաննել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ մեծ ուժով պիտի հարուածեն, եթէ Իրան սկսի ցուցարարները սպաննել: Թրամփ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Միջազգային օրէնքին կարիքը չունիմ, եւ չեմ ջանար որեւէ մէկուն վնասել: Զինեալ ուժերու գերագոյն ղեկավարի իշխանութիւնս միայն սեփական բարոյականութիւնս կը սահմանափակէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնեց. «Միշտ Եւրոպայի հետ … Read more

Եմէնի Հարաւային Փոխանցման Խորհուրդը Իր Ինքնալուծարումը Յայտարարեց

Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշինքը յայտարարեց, թէ Եմէնի մէջ Հարաւային փոխանցման խորհուրդին կողմէ «եմէնեան ընդարձակ տարածքներու գրաւումէն եւ դէպի անկախութիւն փոխանցման փուլի ձեռնարկելէն ետք», խորհուրդի պետ Իտրուս Զուպէյտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ փախուստ տուած է: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը: Դաշինքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հետախուզական հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, Իտրուս Զուպէյտի եւ ուրիշներ գիշերանց … Read more

Դանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարները Քննարկած Են Կրինլանտի Վերաբերեալ Թրամփի Յայտարարութիւնները

Միացեալ Նահանգներու մէջ Դանիոյ դեսպան Ճեսփեր Միոլլեր Սիորենսեն եւ Ուաշինկթընի մէջ Կրինլանտի ներկայացուցիչ Ճէյքըպ Իսպոսեցեն հանդիպում ունեցած են Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակիցներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Աղբիւրներու համաձայն, խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն միացնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնները: Լրատու գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Սիորենսեն … Read more

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, չորեքշաբթի, 7 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Մակար սրբազան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց թեմի գործունէութեան մասին, յատկապէս Հալէպի, Ճեզիրէի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծուած ապահովական ընդհանուր վիճակը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ համայնքային պատասխանատուներուն, որոնք … Read more

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ յայտնեց, որ Լիբանան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդման` առաջարկելով միացեալ յանձնախումբերու ճամբով համակարգում կատարել արտաքին գործոց եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարութիւններուն հետ: Աուն շեշտեց Տոհայի մէջ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի ընթացքին նախապէս … Read more

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթան: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ յարգէ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան տակ դրած իր ստորագրութիւնը եւ հեռանայ իր բռնագրաւած շրջաններէն, որպէսզի լիբանանեան բանակը ամբողջացնէ մինչեւ միջազգային սահման իր տեղակայումը: Հանրապետութեան նախագահը … Read more

Ջերմուկի խաչմերուկից մինչև Սիսիան ճանապարհը փակ է կցորդով տրանսպորտային միջոցների համար

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին  Հունվարի 10-ին՝ ժամը 17:35-ի դրությամբ, բքի պատճառով Ջերմուկի խաչմերուկից մինչև Սիսիան ճանապարհը փակ է կցորդով տրանսպորտային միջոցների համար։ Այս մասին հայտնում են Ճանապարհային դեպարտամենտից։ Հետևեք մեզ՝ այստեղ

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ նշեց. «Ֆրանսան կ՛ողջունէ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի առաջին փուլի նպատակներու իրագործման յայտարարութիւնը: Այս յառաջընթացը կարեւոր քայլ է դէպի իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան վերականգնման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ լիբանանեան իշխանութիւններուն` իրենց ստանձնած յանձնառութիւններուն յարգումը»: Պարրօ նաեւ ընդգծեց զինադադարի հսկողութեան Մեքանիզմի … Read more

Գահիրէ. «Զէնքի Մենաշնորհման Առաջին Փուլի Ամբողջացումը Պետութեան Գերիշխանութիւնը Ամրապնդելու Յստակ Յանձնառութիւն Մը Կ՛արտացոլէ»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Եգիպտոսի արաբական հանրապետութիւնը իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ եղբայրական Լիբանանի պետութեան` իր բոլոր հողերուն վրայ իր իշխանութիւնը ամբողջական կերպով տարածելու համար թափած ջանքերուն համար, եւ կ՛ողջունէ Լիթանի գետէն հարաւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի առաջին փուլին ամբողջացման յայտարարումը, քայլ մը, որ պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու եւ անոր օրինական հաստատութիւններու դերակատարութիւնը … Read more

Պըրրի. «Կը Գտնուինք Յուլիոս Կեսարի Կողմէ Իշխուող Աշխարհի Մը Մէջ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի չորեքշաբթի օր գումարուած զինուորականներու եւ առանց քաղաքայիններու մասնակցութեան ժողովը «արդիւնք է այն բանին, որ ամերիկացիները խնդիր ստեղծեցին` անոր մէջէն ֆրանսացիները գործընկերի դերէն հեռացնելով, որպէսզի իրենք եւ Իսրայէլը կարենան անոր աշխատանքը մենաշնորհել եւ զայն խոչընդոտել: Վերջապէս, մենք եւ ամբողջ աշխարհը եղանք միակ կայսրին … Read more