Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթան:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ յարգէ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան տակ դրած իր ստորագրութիւնը եւ հեռանայ իր բռնագրաւած շրջաններէն, որպէսզի լիբանանեան բանակը ամբողջացնէ մինչեւ միջազգային սահման իր տեղակայումը:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց լիբանանեան բանակին եւ ընդհանրապէս Լիբանանին եւրոպական պետութիւններուն օգնութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ ատիկա հաւասարապէս ի շահ լիբանանցիներուն ու եւրոպացիներուն է: «Լիբանանի անկայունութիւնը ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ եւրոպական ամբողջ ցամաքամասին վրայ, բան մը, որ ոչ ոք կ՛ուզէ», նշեց ան:

«Մենք պիտի շարունակենք դիւանագիտական աշխատանքին ներգրաւուածութիւնը եւ պիտի շարունակենք զէնքի պետութեան մենաշնորհումը, սակայն կարիքը ունինք բարեկամ պետութիւններու աջակցութեան, եւ ատիկա կը կատարենք նախ եւ առաջ ի շահ մեր երկրին», ըսաւ Աուն:

Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց Լիբանանի բարեկարգչական քայլերը` նշելով. «Կը զօրակցինք սուրիացիներուն տունդարձին եւ Սուրիոյ մէջ վերահամարկման»:

«Լիբանանի յատկացուած միլիառ տոլարի Լիբանանի ստացման գործադրութիւնը պատշաճ կերպով կ՛ընթանայ եւ այս տարուան երկրորդ կիսուն 500 միլիոն տոլարի գումար պիտի տրամադրուի», ըսաւ ան:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը գնահատեց դրամատնային համակարգը բարեկարգելու Լիբանանի մեծ ջանքերը` նշելով. «Լաւապէս կը գիտակցինք այդպիսի քայլերու դժուարութեան»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը իր կարգին գնահատեց լիբանանեան բանակի` զէնքի մենաշնորհման համար մշակուած ծրագիրի առաջին փուլը աւարտելը, զայն նկատելով «Լիբանանին, շրջանին ու ամբողջ աշխարհին համար լաւ լուր»:

Leave a Comment