Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Եգիպտոսի արաբական հանրապետութիւնը իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ եղբայրական Լիբանանի պետութեան` իր բոլոր հողերուն վրայ իր իշխանութիւնը ամբողջական կերպով տարածելու համար թափած ջանքերուն համար, եւ կ՛ողջունէ Լիթանի գետէն հարաւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի առաջին փուլին ամբողջացման յայտարարումը, քայլ մը, որ պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու եւ անոր օրինական հաստատութիւններու դերակատարութիւնը ամրապնդելու յստակ յանձնառութիւն մը կ՛արտացոլէ»:
«Եգիպտոս կ՛ընդգծէ, որ այս քայլը ազգային պատասխանատու հոլովոյթ մըն է, որուն նպատակը Լիբանանի կայունութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն ու օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելն է, ինչ որ ի շահ եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդին է եւ կ՛ամրապնդէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», աւելցուց նախարարութիւնը:
«Եգիպտոս կը շեշտէ բոլորին կողմէ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրի լիարժէք կատարման կարեւորութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի առանց ընտրողականութեան կատարման յանձնառութիւնը:
«Ան կը վերահաստատէ իր լիակատար մերժումը զինուորական մագլցումի որեւէ փորձի, որ կը վնասէ Լիբանանի միասնութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, եւ կ՛ընդգծէ Իսրայէլի լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռացման ու լիբանանեան գերիշխանութեան ոտնահարումներու դադրեցման կարեւորութիւնը», եզրափակեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: