Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշինքը յայտարարեց, թէ Եմէնի մէջ Հարաւային փոխանցման խորհուրդին կողմէ «եմէնեան ընդարձակ տարածքներու գրաւումէն եւ դէպի անկախութիւն փոխանցման փուլի ձեռնարկելէն ետք», խորհուրդի պետ Իտրուս Զուպէյտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ փախուստ տուած է: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Դաշինքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հետախուզական հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, Իտրուս Զուպէյտի եւ ուրիշներ գիշերանց փախուստ տուած են»:
Անոնք օդանաւով Ատանէն Ապու Տապի մեկնած են` անցնելով Սոմալիլանտի եւ Սոմալի օդային տարածքէն:
Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը երէկ յայտարարեց, թէ խորհուրդը իր բոլոր մարմիններով, ծառայութիւններով ու ներքին ու արտասահմանի գրասենեակներով կը լուծարուի` նշելով. «Սէուտական Արաբիոյ կողմէ յայտարարուած քայլերն ու լուծումները կը բաւարարեն հարաւային Եմէնի բնակիչներուն կարիքները»: