Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, չորեքշաբթի, 7 յունուար 2026-ի առաւօտեան:

Մակար սրբազան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց թեմի գործունէութեան մասին, յատկապէս Հալէպի, Ճեզիրէի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծուած ապահովական ընդհանուր վիճակը:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ համայնքային պատասխանատուներուն, որոնք մօտէն կը հետեւին մեր ժողովուրդի ապահովութեան եւ բարօրութեան:

Վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը:

Leave a Comment