Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ մեծ ուժով պիտի հարուածեն, եթէ Իրան սկսի ցուցարարները սպաննել:
Թրամփ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Միջազգային օրէնքին կարիքը չունիմ, եւ չեմ ջանար որեւէ մէկուն վնասել: Զինեալ ուժերու գերագոյն ղեկավարի իշխանութիւնս միայն սեփական բարոյականութիւնս կը սահմանափակէ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնեց. «Միշտ Եւրոպայի հետ լաւ յարաբերութիւններ պիտի պահպանենք, սակայն կ՛ուզեմ, որ եւրոպացիները իրենց աշխատանքը բարելաւեն»:
«Եւրոպային շատ հաւատարիմ էի, եւ եթէ ջանքերս չըլլային, Ռուսիան հիմա ամբողջ Ուքրանիոյ տիրած կ՛ըլլար: Ռուսիան մեզմէ բացի ՕԹԱՆ-ի անդամ որեւէ պետութիւն կ՛անտեսէ», աւելցուց ան:
«Չինաստանի նախագահը կրնայ ինձմէ այլ նախագահի մը իշխանութեան գալէն ետք Թայուանի վրայ յարձակիլ, սակայն չեմ կարծեր, որ ատիկա պիտի ընէ, երբ ես նախագահի պաշտօնին վրայ եմ», ըսաւ Թրամփ:
Փեզեշքիան Կոչ Կ՛ուղղէ Ցոյցերուն Նկատմամբ
«Առաւելագոյն Ինքնազսպում» Ցուցաբերել
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան կոչ ուղղեց` երկրին մէջ 12 օրերէ ի վեր ընթացող բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ «առաւելագոյն ինքնազսպում» ցուցաբերելու:
Փեզեշքիան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Պէտք է բիրտ կամ բռնի որեւէ վարմունքէ խուսափիլ»:
Ան կոչ ուղղեց «առաւելագոյն ինքնազսպում»-ի, ինչպէս նաեւ «երխօսութիւն կատարելու, հաղորդակցելու եւ ժողովուրդի պահանջներուն ականջ տալու»:
Մինչ այդ, իրանեան թելեկրամեան ալիքները հաղորդեցին, որ ցուցարարները Թեհրանի մէջ հրկիզած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի շէնքը:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հինգշաբթի օր Ֆարտիս քաղաքին մէջ ցուցարարներու, Յեղափոխական պահակագունդի ուժերու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Կան զոհեր ու վիրաւորներ: