Դանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարները Քննարկած Են Կրինլանտի Վերաբերեալ Թրամփի Յայտարարութիւնները

Միացեալ Նահանգներու մէջ Դանիոյ դեսպան Ճեսփեր Միոլլեր Սիորենսեն եւ Ուաշինկթընի մէջ Կրինլանտի ներկայացուցիչ Ճէյքըպ Իսպոսեցեն հանդիպում ունեցած են Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակիցներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը:

Աղբիւրներու համաձայն, խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն միացնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնները: Լրատու գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Սիորենսեն եւ Իսպոսեցեն կը փորձեն ամերիկացի օրէնսդիրներն ու ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարները համոզել չաջակցելու նման կոչերուն:

Գործակալութեան տուեալներով` Սիորենսեն եւ Իսպոսեցեն պիտի հանդիպին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու հետ, իսկ յաջորդ շաբաթ պիտի հանդիպին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Թրամփ խոստովանած է, որ կրնայ ստիպուած ըլլալ Կրինլանտի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու եւ ՕԹԱՆ-ը պահպանելու միջեւ ընտրութիւն կատարել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ նախագահը ուղղակի կերպով չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ իրեն համար ո՛ր մէկը աւելի կարեւոր է: Բայց եւ այնպէս, ան ընդունած է, որ «կրնայ ընտրութիւն ըլլալ»` ուրուագծելով իր դիրքորոշումը, որ ՕԹԱՆ-ը, ըստ էութեան, առանց Միացեալ Նահանգներուն անօգուտ է:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ», յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Թրամփի վարչակազմը կը քննարկէ Կրինլանտի իւրաքանչիւր բնակիչի 10 հազարէն 100 հազար տոլար վճարում կատարելու կարելիութիւնը` կղզին Դանիայէն անջատելու համաձայնութեան դիմաց:

Գործակալութեան աղբիւրներուն տուեալներով` վճարումներու ճշգրիտ չափն ու անոնց իրականացման գործիքակազմը տակաւին որոշուած չեն, աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կը բացատրէ, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՛ս կրնայ փորձել ապահովել Կրինլանտի վերահսկողութիւնը, հակառակ Քոփենհակենի կտրուկ յայտարարութիւններուն, որ կղզին ծախու չէ:

Leave a Comment