Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ յայտնեց, որ Լիբանան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդման` առաջարկելով միացեալ յանձնախումբերու ճամբով համակարգում կատարել արտաքին գործոց եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարութիւններուն հետ:
Աուն շեշտեց Տոհայի մէջ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի ընթացքին նախապէս նշածը, թէ Լիբանան նախանձնախնդիր է Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի, թափանցիկութեան, անկեղծութեան եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու ծիրին մէջ լաւագոյն յարաբերութիւններու հաստատման, եւ այդ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Նախքան այդ, Արաղչի հանդիպում ունեցաւ իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսեֆ Ռաժժիի հետ, որ փափաք յայտնեց, որ իրանեան աջակցութիւնը ուղղուած ըլլայ լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն, եւ ոչ թէ մէկ այլ կողմի»:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է, որ երբ իր ռազմավարական որոշումին տէր դառնայ, պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը իր ձեռքը առնէ եւ զէնքը դարձնէ իր մենաշնորհը, կրնայ պետութիւններէն, ներառեալ Իրանը, օգնութիւն խնդրել:
Ռաժժի Արաղչիին դիմելով հարց տուաւ, թէ Թեհրան «կ՛ընդունի՞ իր հողերուն վրայ ապօրինի զինեալ խմբաւորումի մը գոյութիւնը»:
Արաղչի նշեց, որ Իրան Հըզպալլային կ՛աջակցի իբրեւ դիմադրող խմբաւորում, սակայն բացարձակապէս անոր հարցերուն չի միջամտեր, եւ Լիբանանի վերաբերեալ որեւէ որոշում ինքնին կուսակցութեան ձգուած է: